ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ 27 Յունուարին Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ` ապատեղեկատուութիւն է: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Իրականութեան մէջ, 27 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 10ի շուրջ, սահմանի նշուած հատուածին մէջ, ատրպէյճանական կողմէն արձակուեցան քանի մը անկանոն կրակահերթեր, որոնց հայկական ստորաբաժանումները չպատասխանեցին: