ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Լիւքսեմպուրկ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպումներ ունեցաւ իր պաշտօնակիցին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ։
Միրզոյեան եւ Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասելպորն պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաւել աշխուժացնելու երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը: Ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Լիւքսեմպուրկի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին ընդառաջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին` երկկողմ համագործակցութեան պատմութեան ընթացքին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը իբրեւ նոր խթան պիտի ծառայէ փոխգործակցութեան` տակաւին չօգտագործուած ներուժի գործածութեան:
Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման շուրջ, եւ այդ պարունակին մէջ շեշտը դրուեցաւ Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի արդիւնաւէտ կիրարկումին վրայ։
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս` հայ-լիւքսեմպուրկեան բարեկամական խումբերու միջոցով:
Հայաստանի եւ Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան հարցեր: Միտքեր փոխանակուեցան Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին վրայ սանձազերծուած յարձակման պատճառով ստեղծուած մարդասիրական հարցերու լուծման շուրջ:
Նախարար Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց 44օրեայ պատերազմի առաջին իսկ օրերէն Լիւքսեմպուրկի յստակ դիրքորոշման, նաեւ երկրի խորհրդարանին` Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւի ընդունման համար։ Երկուստեք շեշտեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու` առանց նախապայմաններու կարգաւորման գործընթացին:
Ընդգծուեցաւ տարածաշրջանի պետութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան հաստատման եւ կայուն զարգացման համար նախադրեալներու ստեղծման կարեւորութիւնը:
Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի նախագահ Ֆերնան Էտկենի հետ հանդիպումին եւս անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամութեան խումբերուն միջեւ կապերու սերտացման եւ միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ, մասնաւորապէս` ԵԽԽՎի շրջանակներուն մէջ, օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ու ընդլայնման կարեւորութեան:
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի արդիւնաւէտ կիրարկման:
Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը` համաձայնագիրի շրջանակներուն մէջ հետեւողականօրէն զարգացնելու Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը` այս առումով կարեւոր նկատելով նաեւ Լիւքսեմպուրկի աջակցութիւնը: