ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի կառավարութիւնը, Երկուշաբթի օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Երեք ամիսներու ընթացքին կառավարութեան գումարած առաջին նիստը վաւերացուց 2021ի պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ որոշեց ամէնօրեայ դրութեամբ կառավարութեան նիստեր գումարել վարչապետարանին մէջ, որպէսզի ամբողջացնէ 2022ի պետական ամավարկի մշակումը` դիւրացնելու համար զայն խորհրդարանին ներկայացնելու հոլովոյթը:
Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ ընկերային կարգ մը օժանդակութիւններ, որոնց շարքին` պետական մարզին մէջ գործող պաշտօնեաներուն յաւելեալ ամսականի կամ յաւելումի շնորհումը: Կառավարութիւնը ամսական յաւելում ճշդեց նաեւ զինուորականներուն, ապահովական կառոյցին, ինչպէս նաեւ պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերուն կասեցումը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է գործադիր իշխանութեան գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ վատ հետեւանքներ կուտակած է ամբողջ երկրին կացութեան վրայ:Ան հաստատեց, որ նախորդ ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ պատահածը հակասահմանադրական էր:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կանխող ժամանակը բաւական նեղ է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լուծելու համար այն հիմնական հարցերը, որոնք ուղղակիօրէն կը վերապերին քաղաքացիներու առօրեային, ինչպէս` ելեկտրականութեան հոսանքը, ամավարկը, բնական կազի եւ նաւթի Լիբանան փոխադրութիւնը:
Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմած է Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդը:
Միւս կողմէ, նախարարաց խորհուրդը երեկոյեան սկսաւ Միջազգային դրամական հիմնադրամին հետ իր առցանց բանակցութիւններուն:
Մինչ այդ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կէսօրէն ետք յայտարարեց բոլորին համար գրեթէ ծանօթ պաշտօնական իր կեցուածքը, ըստ որուն, ան առկախեց քաղաքական իր գործունէութիւնը եւ կոչ ուղղեց «Մուսթաքպալ» հոսանքին` դիմելու նոյն քայլին:
Հարիրի հաստատեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ինք իբրեւ թեկնածու պիտի չներկայանայ` աւելցնելով նաեւ, որ «Մուսթաքպալ» հոսանքին անունով ոչ ոքի թեկնածութիւն պիտի առաջադրուի:
Հարիրի հաստատեց, թէ ինք համոզուած է, որ Լիբանան դրական յառաջընթացի ոչ մէկ առիթ ունի, այնքան ատեն որ իրանեան հակակշիռին տակ է, միջազգային պարանաձգութեան ենթակայ, ազգային երկփեղկումի եւ համայնքային լարուածութեան առարկայ, որոնց զուգահեռ լիբանանեան պետութիւնը կը մաշի:
Աւելի ուշ, Հարիրի մեկնեցաւ Ապու Տապի: