
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի կառավարութիւնը գործարկեց Պաքու-Աղդամ եւ Պաքու-Շուշի հանրակառքեր: 24 Յունուարին, առաջին մարդատար հանրակառքեռը հասան այդ շրջանները:
«Այստեղ ժամանած քաղաքացիները Շուշիի մէջ պիտի շրջագային յստակ երթուղիով՝ արգելոցի եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներուն օգնութեամբ: Այսօր ժամանածներուն մէջ կան բնիկ շուշեցիներ: Ասիկա մեծ վերադարձի խորհրդանիշ է», յայտարարեց Շուշիի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Այտըն Քերիմով:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պաքու-Շուշի, Պաքու-Աղդամ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներու գործարկման ծրագիրներուն մասին: Ատրպէյճանի ցամաքային փոխադրութեան պետական գործակալութիւնը յայտնած էր, որ նախնական փուլին այդ փոխադրութիւնները պիտի կատարուին շաբաթական երկու անգամ, հետագային՝ աւելի շատ: Ցանկը կազմուած է այնպէս, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի տարին մէկ անգամ կարենայ երթալ Շուշի եւ Աղդամ: