
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքների պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան նամակ յղեց Google ընկերութեան՝ յորդորելով չտարուիլ ատրպէյճանական սադրանքներուն, անտեսել Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած անհիմն պահանջները եւ զերծ մնալ թուային քարտէսներէն Արցախի հայկական տեղանունները հեռացնելէ:
Պաշտպանը յատկապէս կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի այդ ջանքերը դրսեւորումն են Արցախի ժողովուրդը իր հայրենիքէն զրկելու, Արցախի հայկական ինքնութիւնը մերժելու ատրպէյճանական երկարամեայ քաղաքականութեան: Ան կը յիշեցնէ, որ 2020 թուականի աշնան Արցախի ժողովուրդին վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը, որ ուղղուած էր Արցախի ամբողջ տարածքի բռնագրաւման եւ անոր ժողովուրդի ոչնչացման, դարձած է ատրպէյճանական յանցաւոր քաղաքականութեան գագաթնակէտը:
Ստեփանեան կը շեշտէ, որ Արցախի նկատմամբ իր յաւակնութիւններու կեղծ իրաւաչափութիւնը ապահովելու համար, Ատրպէյճան իր վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքի իւրաքանչիւր սանթիմեթրէ միտումնաւոր կերպով կը ջնջէ, կ՛ոչնչացնէ եւ կը վերացնէ հայերու եւ հայկական մշակոյթի ու պատմութեան որեւէ հետք:
«Քարտէզներից հայկական տեղանունները հանելու Ադրբեջանի պահանջների իրական դրդապատճառները հեշտութեամբ կարելի է սահմանել. Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղը) պարզապէս տեղանուն չէ, այլ հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ամբողջութիւն: Արցախի հայկական տեղանունները տեղանքի յիշողութիւններ են, ինչպէս նաեւ կենդանի յիշողութիւններ այն մարդկանց մասին, ովքեր այդ անունները տուել են այդ վայրերին: Տեղանունները ծառայում են որպէս տարածաշրջանային մշակոյթի խորհրդանիշներ եւ այդպիսով արտացոլում են տուեալ վայրի պատմութիւնն ու միջավայրը: Քարտէզներից հայկական տեղանունները հանելու Ադրբեջանի պահանջը ոչ այլ ինչ է, քան քարտէզների վրայ իր համար ցանկալի իրականութիւն ստեղծելու փորձ՝ նպատակ ունենալով նպաստելու իր յանցաւոր քաղաքականութեանը», կը յայտնէԱրցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:
Պաշտպանը նամակին մէջ կը ներկայացնէ միջազգային իրաւունքի կարգաւորումները, որոնցմով ամրագրուած է ժողովուրդներու՝ իրենց տեղանունները ազատօրէն կիրարկելու, պահպանելու եւ սերունդներուն ժառանգ ձգելու իրաւունքը: Ան ընդգծեց, որ միջազգային իրաւունքը տեղանունները եւ աշխարհագրական անուանումները չի նկատեր պետութիւններու սեփականութիւն, այլ՝ ժողովուրդներու ոչ-նիւթական ժառանգութիւն:
Գեղամ Ստեփանեան յայտնեց, որ հայկական տեղանուններու հեռացումը միայն պիտի խրախուսէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ պիտի աջակցի ուժի անօրինական կիրարկման արդիւնքներու օրինականացման:
Բարձր գնահատելով ընկերութեան մարդակեդրոն մօտեցումը, որ կ՛արտայայտէ քարտէսներուն մէջ հայկական տեղանուններու կիրարկումով՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը վստահութիւն կը յայտնէ, որ ընկերութիւնը պիտի մերժէ քարտէսները փոխելու եւ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտում կատարելու Ատրպէյճանի շարունակական փորձերը: