Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղայեւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով գրառում մը կատարած է Twitter-ի վրայ: Ան կը պնդէ, որ Ատրպէյճան ունի «հին քրիստոնէական ժառանգութիւն», իսկ ս իր խօսքին իբրեւ ապացոյց՝ օգտագործած է Արցախի հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու լուսանկարները:
«Այս Սուրբ Ծննդեան օրը եկէք նայինք հին ատրպէյճանական քրիստոնէական ժառանգութեան այս գեղեցիկ պատկերներուն: Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճան մուտք գործած է առաջին դարուն՝ պետական կրօնք դառնալով 313 թուականին: Այսօր, հարիւրհազարաւոր քրիստոնեաներ կ՛ապրին խաղաղ եւ ազատօրէն կը կիրարկեն իրենց կրօնքը Ատրպէյճանի մէջ», գրած է Աղայեւ:
«Ատրպէյճանի «Սուրբ Ծննդեան բացիկը», այս կեղծ «թուիթ»ը կը պնդէ, որ գոյութիւն ունին «ատրպէյճանական քրիստոնէական եկեղեցիներ», եւ Ատրպէյճան քրիստոնէական պետութիւն դարձած է 313 թուականին: Եկէք պայքարինք ապատեղեկատուութեան դէմ», այս մասին կը գրէԱմերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Նասիմի Աղայեւի հրապարակածին մէջ հետեւեալներուն լուսանկարները՝ 9րդ դարու հայկական Դադիվանքի (Քարվաճառի, 44օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած) վանական համալիրի լուսանկարներն են, ինչպէս նաեւ՝ 10րդ դարու հայկական Գանձասարի վանական համալիրը (Մարտակերտի շրջան) եւ Քաշաթաղի շրջանի հին միջնադարեան Ծիծեռնավանքը (44օրեայ պատերազմին պատճառով անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ):