ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 28 Դեկտեմբերին, Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արտակ Դաւթեան այցելեց հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) զօրամասերէն մէկը:
Անոր տրուեցաւ զեկուցում` Հայաստանի օդային տարածութեան մէջ պետական սահմանի ապահովման գետնի վրայ տիրող իրավիճակին, անձնակազմի ֆիզիքական, մարտական պատրաստութեան մակարդակին եւ ստորաբաժանումներուն առաջադրուած խնդիրներուն մասին։
Զօր. Դաւթեան շրջեցաւ զօրամասի տարածքին, տուաւ համապատասխան յանձնարարականներ` ծառայութեան կազմակերպման վերաբերեալ եւ շնորհաւորեց զինուրներուն Նոր տարին: