
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ․- Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով, աղօթակից ունենալով Եփրեմ արք. Թապագեանը, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը եւ հոգեւորականաց դասը, մասնակցութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիայէն սարկաւագներու:
Արժեւորելով տօնը, Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի սրբութիւնն ու օրուան խորհուրդը՝ առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ փառք, գոհութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելով առ Աստուած, «որուն հայրական խնամքին ներքեւ այսօր մենք համախումբ դարձանք եւ կանգնեցանք այս օրհնեալ խորանին առջեւ ու լոյս ծծեցինք Լոյսի Իշխան Քրիստոսէն»։ Ան դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ Տան մէջ Ս. պատարագին մասնակցելով՝ «որպէս մոմակիր, քշոցակիր, բուրվառակիր, դպրաց դասի երգողներ ու հոգեւորականներ, բոլորս ալ ֆիզիքական, իմացական, հոգեւոր ու հոգեբանական ուժ կը ստանանք երկինքէն, որպէսզի կարենանք սրբազան արարողութեան խորհուրդին ընդմէջէն կապի մէջ ըլլալ խորհուրդներու պարգեւիչ Քրիստոսի հետ եւ հզօրանալ, կարենալ շարունակելու համար մեր ծառայութիւնը բերել ի պատիւ Ամենասուրբ Երրորդութեան, ի պայծառութիւն Հայ Առաք. Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի լուսաւորութիւն մեր թանկագին ժողովրդեան»:
Վեր առնելով Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնը, առաջնորդ սրբազան հայրը յորդորեց սարկաւագները միշտ ըլլալ գիտակից իրենց կոչումին եւ ծառայութեան մեծութեան, ապա լոյս սփռելէ ետք ոգեկոչուող սուրբին կերպարին վրայ՝ սարկաւագները հրաւիրեց իրենց նախակարապետին՝ Ս. Ստեփանոսի օրինակով աստուածային իմաստութեամբ եւ Ս. Հոգիով լեցուելու, որպէսզի իրենց կեանքը հարուստ ըլլայ երկնային շնորհներով եւ պարգեւներով. «Պարգեւ ունենալ կը նշանակէ ծառայել գիտնալ, այսինքն՝ կեանքով, գործով, աշխատանքով ու պատրաստակամութեամբ վազել դէպի Տիրոջ Տունը եւ հաւաքաբար մտածել, աշխատիլ, ծրագրել ու գործել ի խնդիր Աստուծոյ Տաճարի առաւել պայծառացման եւ բարգաւաճման», ընդգծեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Աւարտին, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «սիրոյ ընթրիք», որուն ընթացքին առաջնորդ սրբազանը, հոգեւորականները եւ սարկաւագները քրիստոնէական եղբայրական պահ մը ապրեցան միասին: