Հայաստանի տրամադրած ականապատ տարածքներու քարտէսները միայն 25 տոկոսն են, ինչ որ կը բարդացնէ Արցախի մէջ վերակառուցման աշխատանքները, յայտարարեց Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով:
«Դժբախտաբար, այն փաստը, որ Հայաստան երկար ժամանակով կը հրաժարէր ականապատ գօտիներու քարտէսները տրամադրելէ, իսկ աւելի ուշ տրամադրած քարտէսներու ճշդութիւնը կը կազմէր 25 տոկոս, էականօրէն դանդաղեցուց աշխատանքներու վերականգնումը Ղարաբաղի եւ «արեւելեան Զանգեզուր»ի մէջ», նշեց Ասատով:
Ըստ անոր՝ այդ շրջաններու քաղաքներու եւ գիւղերու վերականգնումը, ժամանակակից ենթակառուցուածքներու ստեղծումը պետութեան պիտի արժէ 2.2 միլիառ մանաթ (1.3 միլիառ տոլար):