
Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը սոսկ երկու դրացի պետութիւններու յարաբերութիւններու կարգաւորում կարելի չէ համարել ու խանդավառուիլ սահմաններու բացման ու տնտեսական ձեռքբերումներու պղտոր հեռանկարներով:
Թուրքիա Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն առումով ունի արիւնալի պատմութիւն, որ հիմնուած է թրքական ծաւալապաշտութեան եւ հայ ազգի իրաւունքներու մշտական անտեսման՝ Թուրքիոյ ծանօթ մօտեցումներուն վրայ: Այս մօտեցումները տարիներու ընթացքին չեն փոխուած, այլ նոր ձեւ ստացած են պարզապէս:
Դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը իւրաքանչիւր երկրի համար նշանակալից իմաստ ունի, բնականաբար, սակայն երբ այդ յարաբերութեան խզման պատմական պատճառները առկայ են ու Թուրքիոյ յարաբերութեան ոճը նոյնն է, արցախեան վերջին պատերազմի Թուրքիոյ բացայայտ մասնակցութեան իսկ փաստով, քաղաքական ի՞նչ տրամաբանութեամբ կարելի է վստահելի յարաբերութիւններ մշակել սրամտօրէն ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն վարող երկրի մը հետ:
Փորձենք ըմբռնել բարի դրացիութեան Թուրքիոյ տրամաբանութիւնը՝ յիշելով այլ երկիրներու հետ յարաբերութեանց օրինակներ, աւելի լայն դիտանկիւնէ նայելու տարբեր կողմերու հետ թրքական նոյնանման քաղաքականութեան:
Թուրքիա իր դրացի շարք մը երկիրներու քայքայման ու տկարացման նպաստեց, բարի դրացիական յարաբերութիւններու իսկ խաբկանքով:
Սուրիոյ հետ, օրինակ, Թուրքիա տարիներու լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորեց, նոյնիսկ զանց առնուեցաւ երկու երկիրներու քաղաքացիներու երթեւեկութեան համար անցագիրներու օգտագործումը: Պահ մը Սուրիան հաւատաց թրքական բարի կամեցողութեան եւ իր սահմանները լայն բացաւ անոր դիմաց:
Այդ տարիներուն, Թուրքիա լաւապէս սերտելով Սուրիոյ ընկերային դրուածքն ու ներքին հարցերը, ամէն ջանք թափեց հրահրելու Սուրիոյ պատերազմը, պատերազմի ընթացքին սուրիական տարածքներ գրաւեց ու յաւակնեցաւ նոյնիսկ հասնիլ Հալէպ ու իր վերահսկողութեան տակ առնել ամբողջ նահանգը: Մինչեւ այսօր, թրքական հրահրումով գործող ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն թալանել Սուրիոյ բերքն ու հարստութիւնները եւ Թուրքիա փոխադրել զանոնք բացայայտօրէն: Տակաւին չենք խօսիր Թուրքիոյ մէջ ապրող խաբուած ու խաղաքարտի վերածուած սուրիացի գաղթականներուն ներկայ խղճալի իրավիճակին եւ անոնց դէմ Թուրքիոյ ի գործ դրած ճնշումներուն մասին:
Թուրքիա նոյնպիսի յարաբերութիւններ զարգացուցած էր Վրաստանի հետ: Երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հետեւանքով Թուրքիայէն դէպի Ատրպէյճան հաղորդակցութեան ճամբաները կ՛անցնին Վրաստանէն: Հակառակ այս կարգաւորման, սակայն, նոյն Թուրքիա վերջերս բացայայտօրէն յայտարարեց ներկայ Վրաստանի տարածքներու գծով իր ախորժակներուն մասին, շեշտելով, որ Ախալքալաքը, Ախալցխան եւ Արտուինի շրջանը «սուրբ հողեր» են իրեն համար եւ վաղ թէ ուշ պիտի վերադարձուին Թուրքիոյ, միեւնոյն ատեն ան հրապարակ սկսաւ նետել Վրաստանի թրքական ծագում ունեցող մեսխեթցիներու հարցը ու անոնց հետ պատմական կապի կարեւորութիւնը:
Ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, Արցախի կորուստին մէջ Թուրքիոյ բացայայտ դերակատարութիւնն ու տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու հետ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ կեղծ բարեկամական յարաբերութիւնները աչքաթող ընելով, Զանգեզուրի սահմանները իր ազդեցութեան գօտին դարձնելու յաւակնութիւնները չնկատելով, Ատրպէյճանի նախագահին Զանգեզուրը ատրպէյճանական հող համարելու յոխորտանքները լրջօրէն չսերտելով, ինչպիսի՞ վստահելի յարաբերութիւններ կարգաւորելու օրակարգ կը բացուի մեր երկրին ու ժողովուրդին դիմաց եւ այդ օրակարգին ժողովրդային հողը պատրաստելու բեմագրութիւններ կը պատրաստուին:
Բարի դրացիական յարաբերութիւններ ձեւականօրէն կարգաւորելը Հայաստանի համար թրքական վտանգը կը մեղմացնէ՞ միթէ: Այդ վտանգը ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել, իրապաշտ ըլլալով մէկտեղ:
Կասկած չունինք, որ Թուրքիան Հայաստանին ու հայութեան վրայ ճնշում բանեցնելու մէկէ աւելի գործօններ պիտի ունենայ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու սահմաններու բացման առիթներու ընծայումով:
Պատմութիւնը վկայ է այս բոլորին, ու որքան ալ գերպետութիւններ շահագրգռուած ըլլան յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ, Հայաստանն ու հայութիւնը յանպատրաստից, առանց տնտեսական դաշտի մէջ օրէնքներ փոխելու, առանց այս կարգաւորման վտանգները համակողմանիօրէն քննելու, ականապատ ճանապարհ մը անցնելու կը պատրաստուին:
Նոյն այս օրակարգը յառաջ մղելով Արցախի չկարգաւորուած հարցը փակուած համարելու եւ դիւանագիտական ճիգերով պայքարելու անպատրաստակամութիւն ցուցաբերելու քաղաքական ուղղուածութիւնը, որ կամար կը կապէ հայաստանեան երկնքին վրայ, նոր պարտութիւններու նախանշանը ցոյց կու տայ իրաւացիօրէն:
Հայաստան իր ապահովութիւնը ամրագրելու համար, նախքան Թուրքիոյ հետ բարի դրացիական յարաբերութեան սին յոյսեր կապելը, հակաթրքական ճակատի մէկէ աւելի երկիրներու ու ժողովուրդներու հետ գործակցելու հորիզոնները սերտա՞ծ է միթէ:
«Գանձասար»
pic
1223Kantsasar
Starting negotiations with Turkey and Azerbaijan contains hidden
explosives, done, before North South agreement as PRIORITY.
Iranian officials visiting Azerbaijan it is a Warning sign to Armenia.
WITHOUT OBTAINING LUCRATIVE DEAL, CHASING IMPOSSIBLE,
QUICK, 106 YEARS OLD GENOCIDE RECOGNITION SURE REJECTION, will
ALIENATE THE IMPORTANT ONE!! “talking magpies” tactic, TOP ORDER
TO LOSE BOTH DEALS, SINKING ARMENIAN ASPIRATIONS TO NIL !!!.
ASK WITH HUGE PROTESTS FINALIZING NORTH SOUTH DEAL FIRST;
THAN THE OTHERS, AFTER TAKING MAJORITY REFERENDUM APPROVAL
FOR TERMS ,WITH MORTAL ENEMIES, NOTORIOUSLY FAMOUS AS DENIERS,
FOR PREVIOUS INTERNATIONALLY ACCEPTED ,SIGNED TREATIES REFUSAL
& APPLICATIONS; >THIS FAILURE WILL ENORMOUSLY RAISE PROFIT
POSSIBILITY OF AZERBAIJAN HAVING TRANSIT ROAD, NOT ARMENIA.!!!!