ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 22 Դեկտեմբերին ողջունեց նահանգի հայութեան մեծամասնութիւնը 6րդ ընտրատարածքին մէջ պահելու՝ Քոլորատոյի Գերագոյն ատեանի որոշումը։
Նման որոշումի մը ի նպաստ Գերագոյն ատեանին եւ քոնկրեսական ընտրատարածքներու նոր սահմաններ որոշող անկախ յանձնաժողովին նամակներ յղած էր Տենվըրի Հայ Դատի յանձնախումբը, յոյժ կարեւոր նկատելով հայութեան ձայնը մէկ ընտրատարածքի մէջ պահելու քայլը։
«Երախտապարտ ենք, որ յանձնաժողովը եւ Գերագոյն ատեանը շրջանի հայութեան պահանջին անսացին, որուն շնորհիւ նահանգի հայութեան ձայնը պիտի շարունակէ լաւապէս լսելի դառնալ Ներկայացուցիչներու տան մէջ, յատկապէս այս միջոցին, երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգերը կը շարունակեն իրենց ցեղասպանական արշաւները հայութեան դէմ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Յիշեցնենք, որ նահանգին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի 1979ին հաստատուած Քոլորատոյի Հայեր կազմակերպութեան հետ, պաշտպանելով հայութեան իրաւունքերը։