Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբերի երեկոյեան, առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ՝ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Թրբանճեան» շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորեայ տօնածառի լուսավառութեան հանդէս։ Այնտեղ մէկտեղուած էին հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներու, մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու հետ, վայելելու համար օրուան գեղեցիկ եւ հեքիաթային ձեռնարկներու շարքը։
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ առաջնորդը, Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ․ Շահպազեան, Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեան եւ Գէորգ քհնյ․ Աբեան։
Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւը ներկաները ողջունելուց ետք, օրհնութեան եւ բարեմաղթութեան խօսքի համար հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ ողջունելով բոլորը, իր խօսքը ուղղեց մանուկներուն՝ նշելով, որ մանկական աշխարհը լի է գեղեցիկ, մաքրամաքուր հեքիաթներով եւ երազներով, որոնց մէջ անկարելին անգամ կարելի կը դառնայ: Ապա սրբազանը օրհնեց բոլորը եւ մաղթեց անոնց քաջառողջութիւն, հոգեկան անդորր, երազաներու իրականացում, ուժ, եռանդ եւ խաղաղ ու բարեբեր տարի՝ յոյս յայտնելով, որ գալիք տարին բոլորի համար նոր նուաճումներու ու վերելքներու տարի ըլլայ: Այնուհետեւ բոլոր մանուկները սրբազան հօր հետ միաբերան աղօթեցին։
Աղօթքէն անմիջապէս ետք ջերմ ծափահարութիւններու տակ վառեցան տօնածառի գունագեղ լոյսերը, որմէ ետք «Շնորհալի» երգչախումբը իր քաղցրահունչ երգ ու տաղով տօնական տրամադրութիւն հաղորդեց ներկաներուն։
Ապա մանուկներու խանդավառութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ յայտնուեցան բոլորին կողմէ սիրուած Կաղանդ պապան՝ իր հեքիաթային հերոսներով։
Խանդավառ տօնական ձեռնարկը՝ լեցուն բազմաթիւ անակնկալներով, խաղերով եւ երգ ու պարով շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ։
Դիւան Առաջնորդարանի