ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճան վերջերս չորս տարուան համար ընտրուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Զինուեալ ընդհարումներու ընթացքին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան» յանձնախումբի անդամ:
Նշենք, որ Հայաստան ԵՈՒՆԵՍՔՕի մօտ ունի Հայաստանի արտաքին նախարարութենէն գործուղուած մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Քրիստիան Տէր Ստեփանեան, որ 3 Դեկտեմբերի 2020ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի խորհուրդի լիագումար նիստին մտահոգութիւն յայտնած էր Արցախի վերջին պատերազմին ընթացքին հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացման առնչութեամբ:
Թէեւ Տէր Ստեփանեան մատնանշած էր, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕն անզօր է մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացումը կանխելու, որուն ականատես դարձանք, երբ Արցախ կը դիմակայէր թուրք-ատրպեճանական համաձայնութեամբ՝ Սուրիայէն ներգրաւուած հազարաւոր վարձկան ահաբեկիչներու զինուած յարձակումը, որուն ընթացքին երկու անգամ ռմբակոծուեցաւ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին, սակայն մեծապէս ոգեւորւած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէնի՝ Արցախ առաքելութիւն գործուղելու առաջարկով:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէնին այս առաջարկները ապա մնացին
խօսքի վիճակին մէջ, որովհետեւ Ատրպէյճան շատ կտրուկ արգիլեց անոր գործուղումը Արցախ: Ատրպեճանական կողմին այս վարքագիծը համարժէք արձագանգ չգտաւ:
«Էրեբունի» պատմահնագիտական թանգարանի նախկին տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕն արդէն քանի մը տարիէ ի վեր՝ «իւղոտ պատառ» կը ստանայ Ատրպէյճանէն: «Սա է պատճառը, որ ընդառաջում են նրանց: Երբ տարիներ առաջ Ամերիկա եւ Իսրայէլ հրաժարուեցան ԵՈՒՆԵՍԿՕին նիւթապէս աջակցելէ, Ադրբեջանը ճարպկօրէն, օգտուելով իրավիճակից, սկսեց նիւթապէս օժանդակել կազմակերպութեանը եւ դրան կից գործող միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններին: Ադրբեջանցիներն ազատ գործունէութեան դաշտ են ստեղծել իրենց համար: Մեհրիբան Ալիեւան էլ համարւում է ԵՈՒՆԵՍԿՕի դեսպան: Նրանք յայտնուել են շահեկան դիրքերում ու ազատ կարողանում են բոլոր հնարաւորութիւններն օգտագործել», մեկնաբանեց ան, ցաւ յայտնելով, որ այս առնչութեամբ Հայաստանի պետական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչները լուռ կը մնան: