
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անի Յովհաննէսեանի «Ծածուկ Քարտէսը» («The Hidden Map») վաւերագրական շարժապատկերը յառաջաիկայ օրերուն պիտի ցուցադրուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, տեղւոյն հանրային երկու կայաններէ։
9 Դեկտեմբերին անիկա պիտի ցուցադրուի Ցեղասպանութիւններու յիշատակման եւ կանխարգիլման օրուան առիթով, PBS SoCal կայանի յայտագիրներու շարքին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, իսկ 12 Դեկտեմբերին, անիկա պիտի ցուցադրուի նաեւ կ.ե. ժամը 4ին, նոյն կայանէն։
Դարձեալ 12 Դեկտեմբերին, անիկա պիտի ցուցադրուի KCET հանրային կայանէն, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ:
Ֆիլմը կը ներկայացնէ սկովտիացի հնագէտ Սթիւըն Սիմի հետ Անիին ճամբորդութիւնը դէպի Արեւմտահայաստան:
Ֆիլմը նախապէս Միացեալ Նահանգներու տարածքին ցուցադրուած է տարբեր առիթներով, NBCLX կայանէն: