ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 1 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու հանդիպումը, որուն մասին նախորդ շաբաթավերջին յայտարարած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպման աւարտին:
Փոխվարչապետներու հանդիպումի արդիւնքներուն մասին որեւէ տուեալ չհաղորդուեցաւ նոյն օրը:
2 Դեկտեմբերին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտնեց, որ ցարդ կարելի չէ եղած համընդհանուր համաձայնութիւններ ձեւակերպել, բայց, ըստ անոր, աշխատանքները պիտի շարունակուին, յառաջիկային եւս հանդիպումներ պիտի կայանան:
«Ընդհանուր առմամբ Հայաստանը որեւէ միջանցքային տրամաբանութեան հարց չի քննարկել եւ չի քննարկելու», յայտարարեց ան: Մաքսակէտերուն մասին խօսելով՝ Արմէն Գրիգորեան ըսաւ, որ, եթէ Ատրպէյճան ուզէ անցում կատարել դէպի Հայաստան, ապա սահմանային անցակէտի բոլոր օրէնսդրական պահանջները պէտք է կատարէ, նոյնն ալ Հայաստանը պիտի կատարէ: «Սա Հայաստանի մօտեցումն է ապաշրջափակմանը», շեշտեց ան:
Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ երբ կը խօսուի մարդասիրական հարցին մասին, բոլորը նկատի ունին գերիներու հարցը, որ մինչ այս պահը չէ լուծուած: Ըստ անոր՝ պէտք է սպասել եւ տեսնել, թէ ի՛նչ յառաջընթաց պիտի արձանագրուի այս հարցին մէջ:
Անդրադառնալով միջնափակ տարածքներու (enclave-անկլաւ) հարցին՝ Գրիգորեան յայտնեց, որ «նախ պէտք է պարզել՝ անկլաւներ կա՞ն, թէ՝ ոչ: Մեր բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս, որ իրաւական հիմքով անկլաւի հարց գոյութիւն չունի, մենք շարունակում ենք ուսումնասիրել այդ հարցը», աւելցուց ան:
Իշխանասարի հատուածին մէջ ատրպէյճանական զինուժին՝ ետ քաշուելուն գծով Արմէն Գրիգորեան նշեց, թէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս հարցին վերաբերեալ պարզաբանումներ ներկայացուցած է: Ան կոչ ուղղեց Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն՝ շատ մեծ պատասխանատուութեամբ վերաբերլու անվտանգութեան վերաբերող որեւէ յայտարարութիւն կատարելու ատեն: «Սա ոչ միայն համայնքին է վերաբերում, բազմաթիւ պաշտօնեաներ կան, որոնց լիազօրութիւնները որեւէ ձեւով չեն առնչւում այս հարցերին, բայց պարբերաբար յայտարարութիւններ են անում: Ես կոչ կ՛անէի վերջ տալ այս գործընթացներին», նշեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀԱՊԿին դիմում ներկայացուա՞ծ է՝ Գրիգորեան ըսաւ. «Մայիսի դիմումը շարունակում է ուժի մէջ մնալ, քանի որ այդ ճգնաժամի շարունակութիւնն է, եւ հարցը չի լուծուել: Մենք ՀԱՊԿի հետ շարունակում ենք քննարկել, բայց կարծում եմ, որ ընդհանուր մօտեցում կայ, որ դա սահմանային միջադէպ չէ, շարունակում ենք ակնկալել, որ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, որպէսզի կարողանանք այս հարցը լուծել»:
According December 3, 2021 morning “PEVER” Nationalist confirmation,
Armenian Army is OVERTAKEN BY BOLSHEVIK RUSSIA, PRACTICALLY
DOES NOT EXIST, DEMORALIZED, ALL “PROMOTED” GENERALS,
WITHOUT VALUE , READY TO ACCEPT ORDERS FROM RUSSIANS.
IN 30 YEARS ENGINEERED EROSION BY 3 PRESIDENTS + P.M.
“LABORIOUSLY” HELPED ARMENIA FALL, REALIZING ” VANISHING
STATE OF SOUTH CAUCASUS” FINAL CHAPTER: BACKBONE BRAKING
OBJECTIVE LEADING TOTAL LOSS !!!!!.