ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ տարուան Արցախի պատերազմին ստեղծած նոր մարտահրաւէրներուն նուիրուած դոկտորականի թեկնածու ուսանողներու ուսումնասիրութիւններուն աջակցելու համար, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հիմնարկը յատուկ կրթանպաստներ պիտի տրամադրէ՝ 2000էն 6000 տոլարի միջեւ։
Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 29 Դեկտեմբեր։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել research.armenian@usc.edu հասցէին։