ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Երաժշտական միաւորի «Նայիրեան» երգչախումբը ելոյթ պիտի ունենայ Կլենտէյլ քաղաքին կազմակերպած՝ Կաղանդի ծառի լուսավառութեան հանդիսութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը ճիշդ 6ին, քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ, 613 E. Broadway, Glendale.
Այս հաճելի երեկոյին հրաւիրուած են բոլորը։ Եկէք ու վայելեցէք ամբողջ հանդիսութիւնը եւ «Նայիրեան» երգչախումբի սիրուն կատարումները՝ ղեկավարութեամբ Լուսինէ Մելիքսէթեանի։