ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

– Բարեւ աշակերտներ: Այսօր քոչարի պարը կը սորվիք: Քոչարին Հայկական լեռնաշխարհի ամէնէն տարածուած պարն է: Անիկա արձանագրուած է՝ իբրեւ համամարդկային անշօշափելի մշակութային արժէք:
Հիւր պարուսոյցը աշակերտներուս պիտի տայ քոչարիի մասին ազգագրական տեղեկութիւններ: Ան պիտի բացատրէ նաեւ, թէ այդ պարը ի՛նչ կապ ունի խոյին հետ եւ խոյը ի՛նչ կապ ունի ռազմին հետ: Մինչեւ, որ պատանիները առաջին փորձը կատարեն՝ մենք խօսինք խոյին եւ «խոյ» բառի առեղծուածին մասին:
«Խոյ» բառի ստուգաբանութիւնը խոցելի կէտ է հայ լեզուաբանին համար: Բազմաթիւ այրեր փորձած են բացատրել, թէ ի՛նչ է անոր արմատը: Աւա՜ղ, դեռ կը բացակայի վերջնական բացատրութիւն մը: Կան հակասական կարծիքներ, թէ անիկա կովկասական փոխառութիւն է, կամ՝ ասիական ծագում ունի կամ ալ հայկական բառ է՝ ասիականները փոխառութիւն են:
Հակառակ անոր որ հայկական բառարաններուն ծանօթ չէ «խոյ» բառի ծագումը, հայը լաւ գիտէ անոր խորհուրդը: Հայկական մտածողութեան մէջ խոյը քաջարի, խիզախ, եռանդուն, աշխոյժ, գործունեայ, յամառ, տոկուն, ուղղամիտ, իրատես, կրքոտ, ղեկավարող եւ առաջնորդող է: Ըստ տոմարագէտ, րաբունապետ, երաժիշտ, քերականագէտ եւ մեկնիչ Յակոբ Ղրիմեցիի, որ 1410 թուականին նշանակուած էր Վանայ Լիճի հիւսիսային կողմը գտնուող Մեծոփայ վանքի նորաբաց դպրոցի իմաստասիրութեան եւ տոմարագիտութեան դասախօս, «Խոյ» անուանուած է գարնան առաջին կենդանակերպը, քանի որ «խոյը ծննդական է»:
– Աշակերտներ, քոչարին հայկական լեռնաշխարհի ազատատենչ տղաներու պարն է: Մեր պապերը խոյը դիտելով՝ սորվեր են անոր պէս պայքարիլ ու պարել: Խոյէն սորվեր ենք հակառակորդի աչքերուն անշեղ նայիլը եւ ուս ուսի խոյանալու արուեստը: Սիւնեցի մեր նախնիները իրենց բնաշխարհի սլացիկ գագաթներէն մէկը անուաներ են «Խոյի եղջիւր»:
Գիրերու գիւտով, «խոյ»ը դարձաւ գրագէտ: Անիկա համարձակ քալեց նախ Աստուածաշունչի – մօտաւորապէս երկու հարիւր անգամ – , ապա միջնադարեան մատենագրութեան էջերուն վրայ: Ահա քանի մը տողիկներ. «Քաւեսցէ ՛ի նմանէ քահանայն խոյիւն», «Ի շիկակարմիր մորթոյ խոյոց»: Միջնադարուն «խոյ»ը նմանողութեամբ դարձաւ նաեւ պատերազմական մեքենայ մը:
«Խոյ»ը սիրեց սեռիլ: Այդ միավանկը մեր մայրենիին տուաւ տասնեակ մը բաղադրեալ բառեր, ինչպէս՝ խոյեղջիւր, եզնախոյ, խոյաքիթ եւ խոյգողութիւն: «Խոյ»ի նկարագիրն ալ դարձաւ բառ. խոյանալ եւ խոյանք: Հայ ճարտարապետը նայեցաւ անոր ոլորուն եղջիւրին, հիացաւ, ու Դ. դարէն սկսեալ շինեց՝ «խոյակ», ըստ Հայկազնեան Բառարանին՝ «Գլուխ կամ վերնախարիսխ սեան՝ ոլորտացեալ ՛ի ձեւ գլխոյ խոյից»: Ագաթանգեղոսը «Պատմութիւն Հայոց» աշխատասիութեան մէջ երկու պատկերաւոր գործածութիւն պարգեւեց «խոյակ» եւ «խոյանալ» բառերուն. «Խարիսխք՝ կարմիրք էին ի գոյն արեան եւ սիւնք ամպեղէնք եւ խոյակք հրեղէնք», «Սլացեալ խոյացեալ գայր՝ ըստ նմանութեան արագաթեւ արծուոյ»: Հայը երբ յղացաւ «խոյանալ» բառը, արդէն որոշեր էր, թէ անիկա ի՛նչ պիտի նշանակէ- բուռն յարձակիլ խոյի նման, թափով դիմացինին դիմել, սլանալ եւ սրանալ:
«Խոյ» բառը գրաւեց հայ բանաստեղծ-կաթողիկոսի գրիչի ալ ուշադրութիւնը: Ներսէս Շնորհալիի տաղերուն շնորհիւ – ի՛նչ բախտաւորութիւն – բառը տեղ գտաւ հայկական հոգեւոր բանաստեղծութեան մէջ. «Ոչ խոյ յողջակէզ կախեալ», «Խոյ ի յողջակէզ ընդ բանաւոր զենմանն»:
Յարգելի ընթերցող, Ներսէս Շնորհալիէն մինչեւ 19րդ դար, դժբախտաբար, «խոյ» բառը գրեթէ բացակայեցաւ հայկական գրականութենէն: Ըստ երեւոյթին՝ խոյը քնարական բառ չէր եւ խաղաղասէր ու սիրատենչ հայ աշուղը, Ֆրիկը կամ Քուչակը, Թլկուրանցին կամ Կ. Երզնկացին չուզեց, որ իր եարը նմանի խոյի: Այդ բառը լոկ ռազմաշունչ գրութիւններուն պիտի գար յարմար: Առաջին առիթը ներկայացաւ, երբ Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան (Ա-Դօ) «Մեծ Դէպքերը Վասպուրականում» գիրքին մէջ նկարագրեց Վանի ինքնապաշտպանութիւնը: Հեղինակին պատկերացումով՝ հայուն հետ իր լեռներն ու ժայռերն ալ խոյացան. «Ինքնապաշտպանութեան գիծը… գնում հանգում էր… բերդի միջին տարածութեան խոյացած ժայռերին»: Դանիէլ Վարուժան իր քնարով նկարագրեց այդ օրերը. «Այն բազմաթիւ հօտէն, գոմին մէջ, եղո՜ւկ, / Մնացեր է խոյ մը միայն քաջարի»: Ապա հերոսական շեփոր մը հնչեց: Աւետիք Իսահակեանն էր, որ «խոյ» մը բերաւ ռազմաճակատ. «Հնչեց շեփորը գոռ պատերազմի, / Հին թշնամու դէմ խոյացան շտապ»: Խոյացաւ նաեւ Հայկական Լեգէոնը: Ահարոն Շխրտըմեան պատմեց այդ հերոսութիւնը. «Յարձակումի առաջին ազդանշանին անոնք խոյացան խրամատներէն դուրս՝ խիզախ ու անվախ, մահուան դէմ անտարբեր»:
Վերջացաւ պատերազմը: Պարոյր Սեւակ յիշեց իր հեթանոս ծիները. «Անահիտ: Ես՝ մի հեթանոս առայսօր ծպտեալ: \ – Անշարժութիւնը քո պիրկ ոտների \ Դարձնում է ինձ մի խոյ օրուկուած»: Ապա Խաչիկ Դաշտենց պատմեց քոչարի պարը. «Մեր ուսապարկերը հանեցինք, զէնքերը յենեցինք ծառերին, ու պարն սկսուեց: Ո՞վ է տեսել աշխարհում այդպիսի պար: Նախ կանգնեցին որպէս պարիսպ, ապա ցնցեցին ուսերը, թափ առան եւ խոյացան առաջ»:
Այսօր հայրենիքի մէջ շինարարական աշխոյժ կեանք կայ: Մայրաքաղաքին մէջ կը խոյանան բարձր շէնքեր, սիւներ: Կը խոյանան նաեւ հոգիներ: Բժշկական համալսարանի ուսանողները կը կազմեն «Խոյ» ազգային պարի խումբը: Իսկ հանրապետութեան այլ վայրերու մէջ…: Կարդանք հայրենի մամուլը. «Չկալովկա համայնքի տարածքում վեր խոյացաւ Հայաստանում պետական ամենաբարձր դրօշը», «Անի պատմական մայրաքաղաքի դիմաց վեր խոյացաւ հայոց եռագոյնը», «Խոյացաւ Ապրիլեան պատերազմի հերոսների անուան լուսէ խաչը», «Խոյացաւ 106 մասնիկներից բաղկացած, զոհուածների թիւը խորհրդանշող խաչը»:
Յարգելի ընթերցող, ի՞նչ բոյթ, թէ խոյը ունի իրեն բնորոշ բացասական գիծեր: Խոյը չզսպուած, անհատապաշտ, անկանխատեսելի եւ անհամբեր է, ունի ժամանակավրէպ քայլեր եւ ծայրայեղութիւններ: Բայց այդ բոլորին մէջ կայ խարոյկ, անկառավարելի բոց ու արեւի փայլ:
– Տղա՛ք, քոչարին կոչ է մարտի: Այժմ պարենք: Գոռացէ՛ք ձեր սրտի բառերը, որ ըլլաք ուժեղ եւ խրոխտ, ու ձեր պինդ ոտքերու հարուածէն ելլէ դղրդիւն եւ փոշի: Այս պարին մէջ կայ ձեր ծինը:
Երբ յօդուածս գրի կ՛առնեմ, տեղի կ՛ունենայ մէկ այլ ճակատամարտ: Հայրենի հողին համար պարիսպ ու ժայռ դարձան ազատատենչ տղաներ: Այս ճակատագրական ժամերուն, յարգելի ընթերցող, որոշեցի մէջբերել Գուսան Աշոտի մէկ երգը, որ կարծես, թէ նուիրուած է խոյացած այդ ճերմակ հոգիներուն.
«Արծիւները վեր խոյացան,
Սեւ-սեւ ամպերն իրար անցան…
Շատ-շատերը վերադարձան,
Իսկ շատերն էլ յուշեր դարձան…»։