Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի՝ ընկերակցութեամբ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Ազգային վարչութեան ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեան:
Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին Արման Թաթոյեան մանրամասնօրէն զեկուցեց Հայաստանի սահմանային շրջաններու եւ Ատրպէյճանի կողմէ գերի տարուած հայ զինուորներու ներկայ իրավիճակի եւ զոհերու ընտանիքներու հետ իր հաստատած շփումներուն մասին: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ 44օրեայ պատերազմին պատճառով Հայաստանի բնակիչներուն դիմագրաւած մարդկային, ընկերային եւ հոգեբանական հարցերուն՝ շեշտելով, որ Սփիւռքը մեծ դեր ունի հայրենեաց զաւակներու դժուարութիւնները մեղմելու եւ յատկապէս հոգեբանական ու բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու առումով:
Սրբազան հայրը իր կարգին բարձր գնահատեց Արման Թաթոյեանի մարդկային, քրիստոնէական եւ ազգային ծառայութիւնը եւ յիշեցուց անոր, որ Հայ եկեղեցին միշտ եղած է գերագոյն պաշտպանը մարդկային իրաւունքներու, իր ուղղութիւնը առնելով Քրիստոսէն, որ բոլոր ժամանակներու համար եղած է ու կը մնայ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ամէնէն մեծ ղեկավարը:
Հանդիպման աւարտին, երկուստեք յոյս յայտնուեցաւ, որ համայն հայ ազգը՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, ամէնէն կարճ ժամանակին մէջ կը յաղթահարեն պատերազմական կորուստներու եւ պարտութեան պատճառած այն ահաւոր ցաւը եւ հոգեբանական կնճիռը, որ իւրաքանչիւր հայ մարդու հոգիին խորերը բոյն դրած է՝ արգելք հանդիսանալով հայ ժողովուրդի զաւակներու ամբողջական վերականգնման եւ առողջ ու բնականոն կեանք վերադառնալու ճիգին: