ԹԻՖԼԻՍ, «armtimes.com»․- Վրաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանապահները համատեղ ռազմափորձեր կատարեցին Ջաւախքի Վալէ կոչուող սահմանային տարածքին մէջ, կը հաղորդէ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ անցակէտերէն մէկը հանդիսացող տարածքին մէջ կատարուած այս փորձերուն մասնակցեցան Վրաստանի սահմանային ոստիկանութեան Ախալցխայի վարչութեան եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու 25րդ ջոկատի մարտավարական խումբերը։