ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանցի զօրավար Ռովշան Աքպերով մեղաւոր ճանչցուեցաւ գործարար Էլչին Ալիեւի կանխամտածուած սպանութեան համար, որ տեղի ունեցած էր Քիեւի մէջ, 2001ին:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ անոր բոլոր զինուորական եւ պատուոյ կոչումները կը պահպանուին: Աքպերով մասնակցած է ղարաբաղեան առաջին պատերազմին եւ 1995ի ոստիկանութեան յատուկ ստորաբաժանումին կողմէ հակակառավարական ապստամբութիւնը ճնշելու գործողութեան:
Աքպերով ձերբակալուած էր անցեալ տարուան Մարտին: