Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կապանի համայնքապետը (նաեւ ընդդիմադիր աղբիւրներ եւ անձնաւորութիւններ) կը հաստատեն, որ Կապանի մօտակայ Փելա սար բարձունքը Հոկտեմբերի կիսուն յանձնուած է ազերիական ուժերուն, որոնք անմիջապէս ամրութիւններ հաստատած են հոն, փակած՝ շրջանի հայկական գիւղերու ճամբաները, նոր վտանգ ստեղծած՝ Կապանի շրջակայ հայկական գօտին, մասնաւորաբար Ագարակ գիւղին: (Բարձունքը հաւանաբար թրքերէն անուն ունի, Էյվազլիի եւ այլոց նման, այսինքն՝…Պելա՞ սար է, պարզ խօսքով՝ փորձանք շրջանի բնակիչներուն):
Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը կ՛ըսէ, որ սահմանագիծին վրայ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, այսինքն, կապանցիներուն եւ ընդդիմադիրներուն աչքերով տեսնուածը սուտ է:
– Որո՞ւն հաւատանք:
– Երկուքի՛ն ալ…
– Բայց չէ՞ որ երկուքը զիրար կը հակասեն…
– Իշխանաւորներուն դատողութեամբ, հողի կորուստ կամ սահմանի փոփոխութիւն չկայ, որովհետեւ ամիսներ առաջ, մի՛շտ բանաւոր համաձայնութեամբ, եւ հիմնուելով ազերիներուն օգտագործած «Ճի.Փի.Էս.»ներուն վրայ, ընդունած են թէ Հայաստանէն բաւականաչափ տարածքներ երբեք Հայաստանի մաս չեն կազմած, այլ՝ Ազրպէյճանին։ Մի՛ մոռնաք, որ Գորիս-Կապան ճամբուն կարեւոր մէկ մասն ալ, վարչապետին, ապահովութեան պատասխանատուներու եւ «պայմանագրեալ» երեսփոխաններու խոստովանութեամբ, Սեւ լիճի եւ սահմանային այլ տարածքներու, սահմանամերձ «կղզեակներու» պէս, ազրպէյճանական հող եղած են եւ պէտք է Ազրպէյճանին յանձնել: (Խաղաղութեան դարաշրջանը պիտի բանանք՝ «նոր պատմութիւն» եւ «նոր աշխարհագրութիւն» կերտելով, մի՛շտ հաճոյացնելով… թուրքն ու ազերին): Նոյն չնաշխարհիկ «գիւտը» չգործածուեցա՞ւ՝ Արցախի մէջ մեր պահած լայնատարած դիրքեր ու ռազմագիտական կարեւորութեամբ գօտիներ ազերիներուն յանձնելու համար, մինչդեռ անոնց մասին որեւէ նշում չկար նոյնինքն 9 Նոյեմբերի աղէտաբեր յայտարարութեան մէջ:
– Եթէ այս է «տրամաբանութիւնը»՝ ալ ինչո՞ւ համար պէտք է բանակցիլ սահմանազատման եւ սահմանագծումի հարցերուն շուրջ:
– Քիչ մը զբաղում, քիչ մը իրական հարցերէ ուշադրութեանց շեղում, շատ մըն ալ… նոր եւ առանց ճակատումի պարտութիւններու, նահանջներու հողի պատրաստութիւն: Չէ՞ք տեսներ. արդէն չի խօսուիր Արցախէն բռնագրաւուած հողերու վերադարձին, ինքնորոշման եւ լիարժէք անկախութեան եւ նման «հինցած հարցեր»ու մասին:
***
(«Հիներ»ու ցանկը կ՛երկարի օրէ օր, վերջերս անոր վրայ արձանագրուեցան նաեւ տասնեակ տարիներ առաջ տնկուած եւ բերքառատ… պտղատու ծառեր: Փաշինեան խրատ տուած է գիւղացիներուն, որ իրենց պարտէզներուն ծառերը կտրեն, կառավարութիւնը պատրաստ է «սերթիֆիքացուած»՝ վկայեալ տնկիներ ձրիաբար տրամադրելու անոնց, որպէսզի աւելի արիւնաբեր ծառեր հասցնեն՝ չես գիտեր քանի տարի բերքէ զրկուելու գնով: Պէտք է նաեւ որդեգրեն կաթիլային ջրտուքի դրութիւն, այլապէս օգտակար եւ ողջունելի, սակայն նաեւ «հիներուն» օրով օգտագործուող:
Կատակասէր մը հարց տուած է, թէ առաջարկուած տնկիները արդեօք համալսարանական ի՞նչ վկայական պիտի ունենան, ամերիկեան ո՞ր համալսարանէն, յետոյ, ով ի՞նչ շահ պիտի ապահովէ կառավարութեան սնտուկէն…):
***
Իշխանութիւնները յայտնապէս ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի ընդդիմադիր երեսփոխաններ եւ ներկայացուցիչներ չմասնակցին այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող տարբեր համագումարներու, ուր օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ (կամ կրնայ ըլլալ) նա՛եւ Արցախի տագնապը, Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի հետեւողական եւ յարաճուն թշնամանքը:
Յայտնապէս մտավախութիւն կայ, որ ընդդիմադիրներ կրնան դառն իրականութիւնները սեղանի վրայ դնել եւ խանգարել իշխանաւորներու՝ «մենք խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանանք»ի սուտ ու անրջային վարքագիծը:
Քիչ մը զարմանալի է, թէ իշխանութիւնները ինչպէ՞ս արտօնած են, որ Լա Հէյի Միջազգային դատարանին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչը իրաւա՛մբ հանդէս գայ Ազրպէյճանը դատապարտողի, յերիւրանքները հերքողի եւ անցեալի ու նորագոյն թշնամանքները ցանկագրողի դիրքէն: (Բնականաբար չկայ հայ մը, որ չձայնակցի հայ ներկայացուցիչին եւ անոր զօրակցող-ձայնակցող օտար օրէնսգէտներուն, ներկայացուցիչներու):
…Բայց ո՞վ է այս իշխանութիւններուն ինքնահակասումներուն եւ իրականութենէ կտրուածի քայլերուն հաշիւը պահողը:
***
17 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն, իշխանական՝ «Քաղաքական պայմանագիր» կուսակցութեան կրած նահանջը աչքառու է, չըսելու համար աւելին: Օրինակ, Գորիսի մէջ, ուր դարձեալ Երեւանէն բերուած ոստիկաններ փորձած են կացութիւն ստեղծել ի նպաստ իշխանաւորներուն, բանտարկեալ քաղաքապետին ցանկը յաղթանակած է: Իշխանաւորները նահանջ արձանագրած են նաեւ այլուր, կրնան որոշ գոհունակութիւն ապրիլ, որ իրենց համակիրներ որոշ շահեր ապահոված են հոս-հոն, իսկ իրենք ալ շահեր ունեցած են որոշ շրջաններու մէջ (այլապէս ոչ զարմանալի):
Ընտրութիւններուն արդիւնքին առաջին մեկնաբանութիւնները կ՛ըսեն, որ ընտրողներուն «աչքերը սկսած են բացուիլ», մարդիկ հիմա խոստումներու դրժումն ու հայրենիքին կրած կորուստները սկսած են աւելի յստակ տեսնել: Եթէ սա դրական զարգացում է, կայ նաեւ անհաճոն: Ընտրութիւններուն մասնակցած են հազիւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն հազիւ 33 առ հարիւրը (կանգ չառնենք այլազան մեկնութիւններուն վրայ), մեծ ընտրատարածքներու մէջ նախապատւութիւն տալով ոչ-իշխանականներու:
Ուշագրաւ է, որ վտանգուած հարաւին մէջ քուէարկողներուն թիւը զգալիօրէն բարձր է, քան «ապահով» նկատուող շրջանները:
…Մնացեալին «աչք բանալու» կարգն ալ կու գայ (յուսանք «…գորտին աչքը դուրս գալէն» առաջ):
18 Հոկտեմբեր 2021
Ողբալի է Հայաստանի ներկան, եւ անյոյս՝ ապագան:
Ողբա՜մ փաշիններուն: