ՄՈՍԿՈՒԱ, «Զվեզտա».- Արցախի հարցով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները բաւարար են շրջանին մէջ վերջնական քաղաքական լուծման հասնելու համար, յայտնեց ՀԱՊԿի Միացեալ սպայակոյտի ղեկավար, գնդապետ-զօրավար Անաթոլի Սիտորով:
«Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կարելի եղած է դադրեցնել մարտական գործողութիւնները: Ներկայիս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը նպաստեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ճգնաժամի քաղաքական լուծման համար անհրաժեշտ պայմաններու ձեւաւորման», ըսաւ Սիտորով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ըստ անոր՝ թէեւ պարբերաբար զինադադարի դրութեան խախտումներ եղած են, սակայն այժմ կողմերուն միջեւ կառուցողական երկխօսութիւն հաստատելու կայուն միտում կը նկատուի: