ՊԷՅՐՈՒԹ.- Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած 44օրեայ պատերազմէն տարի մը ետք՝ Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Լիբանանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի խաղաղ ցոյց մը` լիբանանահայ երիտասարդներու եւ ուսանողներու կողմէ:
Ցոյցին ընթացքին դատապարտանքի կարգախօսներ ուղղուեցան Ատրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ:
Այս առիթով Լարա Գարակէօզեան արաբերէնով արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ ան ըսաւ. «Ի՞նչ օգուտ ունին միջազգային օրէնքները եւ համաձայնութիւնները, երբ ազատութեան մէջ է հրէշ մը կամ ոճրագործի մը խրտուիլակը, որ ամէն անգամ կը խուսափի միջազգային պատիժէն»: