ԿԱՐՊԻՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցեւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու դպրաց դասը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ տէր եւ տիկ. Տիգրան եւ Հուրի Պէրպէրեաններուն ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ԿԱՐՊԻՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի հարսին եւ զաւակին՝ իրենց վարչութեան փոխատենապետուհի Հուրիկ եւ Տիգրան Պէրպէրեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։