
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ ուղերձով մը շնորհաւորեց Հայաստանի Անկախութեան օրը: «Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն դուք պահած էք այն գաղափարները, որոնց հիման վրայ ստեղծուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը․ գաղափարներ, որոնք եղած են յոյսի աղբիւր եւ որոնք կրնային դարձեալ ապահովել ազատ եւ ժողովրդավարական հայրենիք, ձեր ժողովուրդին համար: Այնուհետեւ, դուք ճնշող մեծամասնութեամբ քուէարկեցիք Խորհրդային Միութիւնէն անկախութիւն հռչակելուն ի նպաստ՝ 1991ին, ստեղծելով ինքնիշխան պետութիւն։ Հպարտ եմ, որ այսօր կանգնած եմ ձեր կողքին իբրեւ գործընկեր եւ բարեկամ», իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ Մենենտեզ՝ աւելցնելով․ «Մենք շատ բարձր կը գնահատենք ներդրումը ամերիկահայերու, որոնց հետ կը նշենք Հայաստանի Անկախութեան օրը: Միացեալ Նահանգները կը գնահատէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր գաղափարներու վրայ»:

«Գրեթէ երկու տարի առաջ էր, երբ ես վերջին անգամ այցելեցի Հայաստան։ Տպաւորուեցայ յատկապէս այն պայծառ երիտասարդներով, որոնք, անկասկած, պիտի գրեն Հայաստանի պատմութեան յաջորդ էջը: Անոնք փայլուն, ոգեշնչող եւ ընդունակ են, եւ անոնցմէ մեծ բաներ կ՛ակնկալեմ», իր կարգին գրած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ճեքի Սփիր, որ կ՛ըսէ նաեւ հետեւեալը. «Անցեալ աշնան տեղի ունեցած բռնութիւնները մարդկային սարսափելի կորուստներու պատճառ դարձան եւ գրեթէ 100,000 հոգի տեղահանեցին իրենց տուներէն: Ես հպարտ էի, որ այս տարի առաջնորդեցի Ներկայացուցիչներու տան ջանքերը` 50 միլիոն տոլարի յատկացում ներառելու Հայաստանին՝ մարդասիրական օգնութեան համար եւ 2 միլիոն տոլար` Արցախի մէջ մարդասիրական ականազերծման ծրագիրին համար: Այդ տարածաշրջանի մարդիկը արժանի են ապրելու եւ արարելու` առանց վախնալու պատերազմի մահացու հետեւանքներէն: Հակառակ այս լուրջ սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն՝ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ մեծ քայլեր կատարել ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման գործին մէջ»: