ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի հերթական նիստը գումարուեցաւ 14 Սեպտեմբերին, Պիքֆայայի մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա․ հայրապետին։
Նիստին մասնակցեցան յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ՝ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան (հեռակայ) եւ Խաչիկ Տէտէեան։
Վեհափառը գնահատեց 18 Մայիսին, Երեւանի մէջ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100ամեակ․գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» հատորին շնորհահանդէսը։ Հիմնադրամին այս 14րդ հատորը Հայաստանի Ա․Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին ներկայացուած զեկուցումներու հաւաքածոն է, որուն մէջ մէկտեղուած են արխիւային նիւթերու հիման վրայ բազմաոլորտ հետազօտական աշխատասիրութիւնները։
Ապա ժողովը քննեց հրատարակութեան յանձնելի անգլերէնով, արաբերէնով եւ հայերէնով Հայկական Հարցիբ վերաբերող պատմաքաղաքական թէ Հայ Դատի այժմէական նիւթերու մասին ուսումնասիրութիւններու հրատարակութեան հարցը։
Նկատի ունենալով վեհափառին կողմէ հռչակուած «Արցախի Տարի»ն, յանձնախումբը վերարծարծեց Արցախին նուիրուած գիտաժողով կազմակերպելու հնարաւորութիւնները։
Կը նախատեսուի յառաջիկայ Փետրուարին, Արցախեան շարժման 34ամեակին առիթով կազմակերպել գիտաժողովը: