ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա․Էֆ․Փէ․»․- Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան հրաժարելէն 13 ամիս ետք, 10 Սեպտեմբերին յայտարարուեցաւ երկրին նոր կառավարութեան կազմութիւնը, նորանշանակ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի միջեւ համաձայնութեան շնորհիւ։
Բարեկարգումներ իրականացնող նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանի օժանդակութիւն խոստացող կառավարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գլխաւոր պայմանն էր, սակայն հակառակ այն իրողութեան, որ մեծ թիւով մասնագէտներ եւ նոր դէմքեր կան նոր կառավարութեան մէջ, յստակ չէ, թէ անիկա պիտի կարենա՞յ իրականացնել իրմէ սպասուող ակնկալիքները, յատկապէս որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նշանակուած է քաղաքական կամ կրօնական ուժի մը կողմէ։
Ըստ կարգ մը լրատուամիջոցներու, նոր կառավարութիւնը կազմուած է արտաքին ճնշումներու իբրեւ արդիւնք։
Նոր կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ճորճ Պուչիքեան։
Արտաքին գործոց նախարարն է՝ Ապտալլա Պու Հապիպ, ներքին գործոց նախարարը՝ Պասսամ Մաուլաուի, իսկ տնտեսութեան եւ առեւտուրի՝ Ամին Սալամ իսկ ելեւմուտքի՝ Եուսեֆ Խալիլ։