ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 10 Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ։
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Արցախի յետ-պատերազմեան իրավիճակին եւ եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերող տարբեր հարցեր։
Դաւիթ Բաբայեան երախտագիտութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին՝ Արցախը մնայուն կերպով իր ուշադրութեան առարկան պահելուն համար, ինչպէս նաեւ՝ անոր զարգացման ու հզօրացման մեծապէս նպաստելուն: Ան ընդգծեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առանցքային դերը հայոց անկախ պետականութեան եւ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ։
Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։