ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան դարձեալ խորհրդարանին առաջարկեց 6-7 Սեպտեմբեր 1955ի՝ փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած ջարդերուն հանգամանքները հետաքննել:
Փայլան նշեց, որ ինք այս հարցը ամէն տարի կը բերէ խորհրդարանի օրակարգ, սակայն, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ անոր հետ համախոհական կառավարութեան մէջ գտնուող ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնները զայն կը մերժեն:
Հիմնաւորելով այս յանցագործութիւններու բացայայտման անհրաժեշտութիւնը՝ Փայլան նշեց, որ անպատիժ մնացած յանցագործութիւնները կը կրկնուին:
6 Սեպտեմբեր 1955ին, Պոլսոյ թրքական մամուլը թուրք ամբոխը գրգռելու նպատակով հրապարակած էր կեղծ լուր մը, որ իբրեւ թէ Թեսաղոնիկէի մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի տունը պայթեցուցած են: Իբրեւ արդիւնք՝ Պոլսոյ, Իզմիրի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ պետութեան կողմէ կազմակերպուած եւ հրահրուած թուրք ամբոխները յարձակեցան ազգային փոքրամասնութիւններու՝ հայերու ու յոյներու, ինչպէս նաեւ անոնց խանութներուն, տուներուն, եկեղեցիներուն, գերեզմանատուներուն վրայ, մարդկային եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառելով: