ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 6 Սեպտեմբերին, ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին եւ ՀՕՄի Արցախի միաւորի վարչութեան միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին մէջ իրականացուող ծրագիրները, անոնց արդիւնաւէտութիւնը, շեշտուեցաւ ՀՕՄի ծրագիրները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` յատկապէս տեղահանուած բնակիչներուն ընկերային հարցները մեղմելու ուղղութեամբ:
Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ անդրադարձ կատարուեցաւ համադրուած եւ համագործակցաբար աշխատելու կարեւորութեան: