ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի ոստիկանութեան կողմէ արձանագրուեցաւ եւ քրէադատավարական օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով ամրագրուեցաւ 6 Սեպտեմբեր 2021ին՝ ժամը 7:30ի շուրջ, Արցախի Մարտունի շրջանի Թաղավարդ եւ Կարմիր Շուկայ համայնքներուն հարեւանութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերէն յիշեալ բնակավայրերուն ուղղութեամբ կրակելու եւ բազմանդամ ընտանիքի բնակարանը խոցելու դէպքի հետեւանքները: Այս մասին կը նշուի Արցախի դատախազութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Ակնյայտ է, որ ադրբեջանական կողմը փորձում է նմանատիպ արարքներով ահաբեկել խաղաղ բնակչութեանը, պահել լարուածութեան մէջ` հասկանալի նպատակներով այդ կերպ փորձելով ձեւաւորել անընդհատ վտանգի, վախի ու հայրենի հողում խաղաղ բնակուելու անհնարինութեան զգացողութիւն», կ՛ընդգծուի դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Դէպքի հանգամանքները կը պարզուին:
Նշենք, որ 7 Սեպտեմբերին, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտնեց, որ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ-Թաղավարդ բնակավայրերուն ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն ատրպէյճանական կողմը կրակեց հայկական դիրքերուն եւ խաղաղ բնակավայրերուն ուղղութեամբ: Արձակուած կրակոցներէն վնասներ ունի Թաղավարդ համայնքի բնակիչներէն մէկուն տունը: