ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- 1 Սեպտեմբեր 2021էն, Երեւանի մէջ սկսաւ գործել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հռոմի պապական նուիրակութեան՝ դեսպանութեան, գրասենեակը: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի մօտ պապական նուիրակ Ժոզէ արք. Պեթենկուր: Գրասենեակը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Հիւսիսային պողոտային վրայ: Այժմ դեսպանատունը կը պատրաստուի գրասենեակի հանդիսաւոր բացման արարողութեան:
Ժոզէ արք. Պեթենկուր պապական նուիրակն է Հայաստանի եւ Վրաստանի մօտ, բայց մինչեւ 1 Սեպտեմբեր նուիրակին նստավայրը միայն Թիֆլիսի մէջ էր, իսկ հիմա պիտի ըլլայ նաեւ Երեւանի մէջ: