Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լիբանանահայութեան մօտ տիրող շատ ծանր եւ տագնապալի նիւթաբարոյական պայմաններուն:
Մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք մազապուրծ ազատած էին թուրքին եաթաղանէն եւ ապաստան գտած Լիբանանի մէջ, կարճ ժամանակի ընթացքին իրենց աշխատասիրութեամբ հասան նախանձելի դիրքերու եւ իբրեւ կազմակերպուած համայնք՝ հիմնեցին մշակութային կեդրոններ, եկեղեցիներ, վարժարաններ եւ իրենց բնակած հայկական թաղամասերուն մէջ դաստիարակեցին նոր սերունդներ ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու համաձայն:
Այսօր, մարդասիրական աղէտ է Լիբանանի տարածքին: Մանուկները զրկուած են կաթէն, մեծահասակները ոչ միայն ընտանիքին առօրեայ հացը չեն կրնար ապահովել, այլ՝ դեղորայքի պակասին եւ չգոյութեան պատճառով չեն կրնար բուժուիլ: Ելեկտրականութիւն եւ վառելանիւթ ապահովելը արդէն անկարելիութիւն է: Օրէ օր վատթարացող ճգնաժամին հետեւանքով, անկարողութեան մատնուած աշխատաւորները չեն կրնար ապահովել իրենց ընտանիքներուն ամէնէն կենսական պէտքերը:
Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ անսակարկ նուիրումով հասած է համազգային բնոյթի բոլոր մարտահրաւէրներուն, կանգնած է եւ օգնութեան ձեռք երկարած՝ իր ժողովուրդի զաւակներուն հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Հիմա ժամանակն է, որ մենք, մեր կարգին, բոլորիս օժանդակութեամբ՝ նեցուկ կանգնինք անոնց գոյատեւման:
Արդ, ի տես այս դառն իրականութեան, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ ձեռք երկարեն մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ մեղմացնեն անոնց տառապանքը:
Հիմա ժամանակն է՝ մեր օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնելու Լիբանանահայութեան գոյատեւման, նուիրատուութիւն կատարելով հաստատուած եւ հեղինակաւոր բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու հանգանակութիւններուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ