ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին, հեռահաղորդակցութեան միջոցները, մասնաւորապէս` բջիջային կապը եւ համացանցը, մնայուն կերպով կը գործէ խափանումներով: Կարգ մը համայնքներու մէջ բնակչութիւնը ամբողջութեամբ զրկուած է կապի հասանելիութենէն: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ ահազանգեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
Ստեփանեան դիտել տուաւ, որ նկատի ունենալով հարցին վերաբերեալ ստացուած բազմաթիւ ահազանգերը` Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը կատարած է ուսումնասիրութիւն, մասնաւորապէս հարցին վերաբերեալ պարզաբանումներ ստացած են Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներէն եւ «Ղարաբաղ Տելեկոմ»էն:
«Հաւաքագրուած փաստերը վկայում են, որ բջջային կապի եւ համացանցի հասանելիութիւնը Արցախի տարածքում խլացւում է ադրբեջանցիների կողմից հեռահաղորդակցութեան ոլորտում ծառայութիւններ մատուցող ընկերութիւնների կողմից օգտագործուող յաճախականութիւնների եւ տեխնիկական միջոցների վրայ ներազդելու եղանակով:
«Ադրբեջանը օգտագործում է ցանկացած մեթոտ Արցախի բնակչութեան իրաւունքները ոտնահարելու եւ անյարմարութիւններ պատճառելու նպատակով: Կոնկրետ այս պարագայում ադրբեջանական կողմի գործողութիւնները խոչընդոտներ են ստեղծում Արցախի ժողովրդի` հեռախօսային եւ հաղորդակցութեան այլ ձեւերից օգտուելու ազատութեան եւ տեղեկացուած լինելու իրաւունքի համար», կը գրէ Ստեփանեան:
Ան դիտել կու տայ, որ ՄԻՊ աշխատակազմին ստացած պարզաբանումներուն հիման վրայ, հարցը յանձնուեցաւ ռուս խաղաղապահներուն ուշադրութեան եւ պետական իրաւասու մարմիններուն. աշխատանք կը տարուի գիտարուեստական (թեքնիք) հզօրութիւններու կատարելագործման եւ ստեղծուած իրավիճակը շտկելու ուղղութեամբ: