ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը: Միացեալ Նահանգներու զօրքերը երկրէն դուրս գբերելու գործընթացքին աւարտէն առաջ իսկ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը, որմով պայմանաւորուած գաղթականներու նոր հոսքի մը հեռանկարն ալ կը մտահոգէ միջազգային հանրութիւնը: Արդարեւ, շաբաթավերջին, «Թալիպան» շարժումը գրեթէ ամբողջութեամբ վերագրաւեց երկիրը, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Քապուլը, որուն օդակայանը կը մնայ ամերիկեան հակակշիռին տակ։
Աֆղանիստանի բանակը առանց դէմ դնելու նահանջեց Քապուլէն, իսկ նախագահ Աշրաֆ Ղանի լքեց երկիրը, «յաւելեալ արիւնահեղութիւն չպատճառելու համար»:
Իրադարձութիւններուն արագութիւնը նոյնիսկ «Թալիպան»ի բանբերներուն համար «անսպասելի» որակուեցաւ, մինչ ժողովուրդը խուժեց դրամատուներ եւ խանութներ: Միացեալ Նահանգները արդէն դատարկած է Քապուլի դեսպանատունը եւ ներկայիս հաստատուած է Քապուլի օդակայանի համալիրին մէջ, ուրկէ կը համակարգուի ամերիկացիներուն եւ անոնց հետ գործակցած տեղացիներու հեռացումը։