«ԱՍՊԱՐԷԶ»
19 Մայիսին, շրջանիս հայութիւնը կորսնցուց Հայկական Հարցը ջատագովող եռանդուն գործիչ մը եւ նուիրեալ հովանաւոր մը, երբ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան անակնկալօրէն կնքեց իր մահկանացուն, բաց մը ձգելով ոչ միայն իր ընտանիքին, այլ նաեւ այն բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ առաքելութիւններուն մօտ, որոնց նեցուկ կը կանգնէր ան երկար տարիներով։
Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի մահով «Ասպարէզ»ը եւս կորսնցուց իր անյագ ընթերցողներէն եւ վստահելի հովանաւորներէն մէկը, որ տարիներու ընթացքին նպաստած էր թերթին որակի բարելաւման, արծարծուող նիւթրերուն մասին իր արժէքաւոր գնահատականներուվ եւ խորհուրդներով, միշտ քաջալերելով, որ տեղ տրուի տարակարծ գաղափարներու։
Տարիներու ընթացքին, Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան եւ ամուսինը՝ Մհերը, ոչ միայն իրենց ներդրումը ունցող ընթերցողներ եղած են, այլ նաեւ առատաձեռնօրէն նեցուկ կանգնած են «Ասպարէզ»ին եւ անոր 113ամեայ առաքելութեան։
Ուրեմն, մեզի համար տխրախառն ուրախութիւն եւ պատիւ մըն էր, երբ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան խմբագրութեան հետ կապուելով՝ փոխանցեց, թէ յարգելու համար Սաթիկին փափաքը՝ որոշած է 10,000 տոլար նուիրել «Ասպարէզ»ին, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ազգային նպատակները աննկուն կերպով հետապնդելու՝ թերթին ջանքերուն համար։
Պիտի կարօտնանք Սաթիկին Տէր Յովհաննէսեանը, բայց միշտ դասեր պիտի քաղենք մեր համայնքին բարգաւաճման համար անոր նուիրուածութենէն եւ քաջալերելու ձիրքէն։
Երախտապարտ ենք այս առատաձեռն նուէրին համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մհերին եւ Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքին, որոնք կը շարունակեն զօրակցիլ «Ասպարէզ»ին։