ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 9 Օգոսոտսին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, քննարկելով հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակի բնականացութիւններու ուղիները, կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու ստորագրած եռակողմանի յայտարարութիւնները իրականացնելու քայլերուն մասին:
Նշենք, որ Պայրամով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Շաբաթ օր հեռաձայնային զրոյց ունեցած էին, կարծիքներ փոխանակելով Թուրքիոյ մէջ անտառային հրդեհներու իրավիճակին վերաբերեալ: