ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրներով կառավարութեան կազմին մէջ կատարուեցան նոր նշանակումներ։
Անահիտ Աւանեսեան վերանշանակուեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար, Անդրանիկ Փիլոյեան` Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Վահրամ Դումանեան` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար, Վահան Քերոբեան` տնտեսութեան նախարար, Կարէն Անդրէասեան՝ արդարադատութեան նախարար, իսկ Տիգրան Խաչատրեան` ելեւմուտքի նախարար:
Նախագահին հրամանագիրով Մհեր Գրիգորեան վերանշանակուեցաւ փոխվարչապետ: