Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւէր ստացաւ իբրեւ գլխաւոր դասախօս մասնակցելու Քսաններու խմբակի (G20) երկիրներու պետերուն հանդիպման նախօրեակին տեղի ունենալիք միջազգային ֆորումին: Կաթողիկոսը պիտի խօսի «Կրօնի դերը տագնապներու լուծման գծով, յատկապէս արաբական աշխարհի մէջ» նիւթին շուրջ:
Քսաններու խմբակի ֆորումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ, 12էն 14 Սեպտեմբեր 2021ին. անոր պիտի մասնակցին կրօնական, գիտական, տեղեկատուական, ակադեմական եւ այլ մարզերու հետ առնչութիւն ունեցող բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: