ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հինգշաբթի, 29 Յուլիսին, «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներու ծիրին մէջ, «Արարատ-Երեւան»ը, որ հիւրը եղաւ «Սլասք Վրոքլաւ»ի (Լեհաստան), արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտին վրայ կրած էր 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մէկ օր առաջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան «Ալաշկերտ-Երեւան»ը, որ Եւրոպայի Ախոյեաններու մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներու ծիրին մէջ Թիրասփոլի մէջ մրցեցաւ Մոլտովայի «Շերիֆ»ին դէմ, անկէ կրելով 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Նշենք, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումին, հայրենի կազմը կրած էր 0-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այժմ «Ալաշկերտ»ը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»ի Բ. հանգրուանի մրցումներուն` իր դէմ ունենալով «Քայրաթ»-«Կարմիր Աստղ-Պելկրատ»ի մրցումին յաղթական խումբը: