«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան,
Վհատելու չենք, վերջ կ’ունենան կու գան ու կ՛երթան»:
Ճիւանի
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Սփիւռքահայութեան փափախուն սիրտը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս բազմաթիւ դժուարութիւններով եւ մանաւանդ տնտեսական տագնապալի օրերով լեցուն վիճակի մէջ է:
Քառասուն տարիներու քաղաքական, տնտեսական եղբայրասպանութեան ցաւալի օրերէն ետք, հազիւ ինքզինք շտկած էր եւ կեանքը բնական հունի մէջ մտնելու վրայ էր, երբ 4 Օգոստոս 2020ին պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի մահասփիւռ պայթումը, երբ արաւել քան 200 անձեր մահացան, աւելի քան 5000 ուռիշներ վիրաւորուեցան եւ շուրջ 300,000 անձեր անտուն եւ աներդիկ մնացին:
Այդ սարսափելի դէպքէն ետք, Լիբանանի ազնիւ ժողովուրդը կը տուայտի: Քաղաքական, տնտեսական պսակաձեւ ժահրի թոհուբոհին մէջ: Անգործութիւնը համատարած է, կեանքի սղաճը գլուխ առած անցած է: Շուրջ տարիէ մը ի վեր, Լիբանանի մէջ կառավարութիւն չէ կազմուած, անգլուխ մարմին մը եղած է, Միջին Արեւելքի Փարիզը հանդիսացող այս դխատավայր երկիրը:
Լիբանանի հայ համայնքն ալ ոչ միայն Սփիւռքի կարեւոր գաղութներէն է, այլ այս գաղութը Սփիւռքի համար հայթայթած է մտաւորականներ, կրթական մշակներ, քաղաքական ու մանաւանդ կղերականներու մեծ թիւ մը: Այսօր այդ համանքն ալ հազար ու մէկ դժուարութիւններու առաջ կը գտնուի:
Հայը ամբողջ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ աղէտներ տեսած եւ անցած են: Այս բոլորը կրցած է ընել իր զաւակներուն կամքով, յոյսով եւ հաւատքով: Կրցած է դիմագրաւել զանոնք՝ միշտ օգնութեան ձեռք երկարելով աղէտահար գաղութներուն կամ հայրենիքի եւ Արցախի հայութեան:
«Մարմինի անդամի մը ցաւը, ամբողջ մարմինին ցաւ կը պատճառէ»:
Սիրելի հայրենակիցներ, Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցաւը, ամբողջ հայութեան ցաւն է, ճիշդ ասոր համար է, որ սրտագին կոչ կ՛ընենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր կազմակերպութիւններուն, մեր հոգեւոր բարեսիրական եւ աշխարհիկ հաստատութիւններուն, որ գործի անցնին եւ իրենց նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը հասցնենք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Մեր համեստ առաջարկն է, որ օր առաջ կեանք առնէ լիբանանահայութեան օգնութեան համահայկական միացեալ մարմին մը, որպէսզի Ամերիկայի հայութիւնը միասնական ճիգերով եւ ղեկավարութեամբ այս գործը յառաջ տանի:
Խորապէս գիտակից ենք, թէ Ամերիկայի հայութիւնը երկրի տնտեսական եւ պսակաձեւ ժահրի պատճառած դժուարութիւններով տնտեսական ծանր օրեր կ՛ապրի: Այսուհանդերձ, միշտ Աստուծոյ փառք տալով, կարեւոր է, որ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն օգնելու քաղցր պարտաւորութիւնը կատարենք, մեծատունը իր գանձով, համեստ աշխատողը իր լումայով, բայց՝ բոլորս ալ սիրտով եւ հոգիով օգնութեան ձեռք երկարել տառապահար մեր լիբանանահայութեան, այս պարագային հասնինք Լիբանանի մեր հայութեան, դպրոցներուն, մամուլին եւ մեր հոգեւոր տուներուն, որոնք այդ գաղութի գոյութեան իմաստն ու հիմնաքարերն են, մինչ այդ Լիբանանի մեր պատուական գաղութին կը մաղթենք ամէն բարիք, վերադառնալու համար իրեն անցեալի փառքին եւ շէն ու շէնշող հմայքին: