ԱԹԷՆՔ.- 14 Յուլիսի երեկոյեան, «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հայկական ամառնային շարժապատկերի ցուցադրութիւնը:
Ընտրուածը՝ «Դաւիթ Բէկ», Էտմոնտ Քէօսեյեանի բեմադրութեամբ «Յուսոյ Աստղ» ստեղծագործութեան առաջին մասն էր:
Վարչութեան ատենապետ Ժագ Տամատեան շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիսատեսներուն իրենց ներկայութեան համար եւ կաթողիկէ գերապայծառին պաստառը տրամադրելուն առթիւ՝ նշեց, որ շարժապատկերի արուեստը մօտաւորապէս մէկ դարու գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ: Յաջորդաբար, ան ներկայացուց ժապաւէնին նիւթը՝ հակիրճ պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելով ներկաներուն։ «1978ին լոյս կը տեսնէ գլուխգործոց «Յուսոյ Աստղ» ստեղծագործութիւնը բաղկացած 2 մասերէ` «Դաւիթ Բէկ» եւ «Մխիթար Սպարապետ: Ժապաւէնները կը ցոլացնեն 1722-1730 տարիներու Սիւնիքի ապստամբութիւնը, որուն շնորհիւ շրջանը վայելեց ինքնավարութեան կարգավիճակ: 18րդ դարուն, Արեւելեան Հայաստանը մաս կը կազմէ Պարսկական կայսրութեան: Կը գործեն մելիքութիւններ, տեղական իշխանութիւններ, որոնք ենթակայ են Պարսից շահին: 1720ականներուն, Սիւնիքի մէջ կը տիրէ յեղափոխական ոգի, սակայն իրավիճակը բարդ է նաեւ այն հանգամանքով, որ լեռնային վայրերը ներխուժած են թրքածին վրանաբնակ ցեղախումբեր: Հայերը կը դիմեն Վրաց Վախթանգ թագաւորին, որ Սիւնիք կ՛ուղարկէ 30 հայ զինուորականներ, Դաւիթ Բէկի գլխաւորութեամբ»:
Շարունակելով՝ Տամատեան ըսաւ, որ հերոսին համար չեն նշուած յաւելեալ կենսագրական տեղեկութիւններ. ծանօթ չէ տարիքը, ո՛չ ալ ծննդավայրը, թէեւ որոշ պատմաբաններ կը նկատեն, որ աներ ծագումը Սիւնիքէն է: Յայտնի չէ, թէ ինչպէս ստացած է «Բէկ» կոչումը՝ ազնուական տոհմի անդամ ըլլալով կամ վրացական բանակի ծառայութիւններուն շնորհիւ: Ան մահացաւ ազատ Սիւնիքին մէջ 1728ին, սակայն յստակ չէ մահուան անոր պատճառը։
Երեկոյին ընթացքին հանդիսատեսը վայելեց սիրոյ ու պատերազմի ժապաւէնը՝ ամառնային շարժապատկերի հաճելի մթնոլորտի մէջ։
Աւարտին, ներկաները ոգեւորուած փափաք յայտնեցին ցուցադրել «Յուսոյ Աստղ»ի 2րդ մասն ալ՝ «Մխիթար Սպարապետ», սակայն անյարմար էր յառաջացած ժամուն պատճառաւ:
ԹՂԹԱԿԻՑ