Տաճիկիստան ՀԱՊԿի անդամ իր դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց՝ օգնելու Աֆղանիստանէն եկող մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի՝ այս մասին յայտարարեց ՀԱՊԿի մօտ Տուշանպէյի մնայուն ներկայացուցիչը:
«Տաճիկիստան` իբրեւ ԱՖղանիստանի հետ ամէնէն երկար սահմանը ունեցող երկիր, անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկէ կացութեան զսպումին եւ այդ երկրէն եկող սպառնալիքը դիմագրաւելու համար: Սակայն նկատի ունենալով շրջանին մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ ԱՖղանիստանի հետ սահմանի առանձին հատուածներ կը գտնուին դժուար հասանելի լեռնային շրջաններու մէջ, այդ հարցը առանձին յաղթահարելը բարդ պիտի ըլլայ», յայտնեց Տաճիկիստանի ներկայացուցիչը:
Յիշեցնենք, որ Տաճիկիստանի եւ Աֆղանիստանի միջեւ սահմանին վրայ լարուածութիւն յառաջացած է, երբ ամերիկեան ուժերուն նահանջին զուգահեռ, սահմանային վերահսկողութիւն կատարող աֆղան զինուորները հեռացան իրենց դիրքերէն` «Թալեպան» շարժումի անդամներու յառաջխաղացքին դիմաց:
«Եուրէյժա Տէյլի»ն հաղորդեց, որ 2300 աֆղան զինուորներ, որոնք Տաճիկիստան ապաստանած էին վերադարձան Աֆղանիստան եւ անցան ծառայութեան: