ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց Տիգրան Սահակեանը Վերաքննիչ քրէական դատարանի նախագահ նշանակելու հրամանագիրը:
«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 139րդ յօդուածի 1ին եւ 166րդ յօդուածի 7րդ մասերը, ինչպէս նաեւ Բարձրագոյն դատական խորհրդի 2021 թուականի Յուլիսի 6ի ԲԴԽի 46-ո-98 որոշմամբ ներկայացուած առաջարկութիւնը՝ Վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւոր Տիգրան Սահակեանին նշանակել վերաքննիչ քրէական դատարանի նախագահ` երեք տարի ժամկէտով», յայտնեցին նախագահին աշխատակազմէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.