14 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Մեքսիքա՝ տեսակցելու եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելու տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն:
Համաճարակէն ի վեր այս սրբազան հօր Մեքսիքա կատարած առաջին այցելութիւնն էր, եւ անիկա հաճելի կերպով զուգադիպեցաւ նաեւ Մեքսիքոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Արմելլա Շաքարեանի պաշտօնամուտին հետ: Առաջնորդ սրբազաը տիկին դեսպանին մօտէն կը ճանչնայ, տակաւին անոր Լոս Անճէլեսի մէջ ունեցած դիւանագիտական առաքելութեան օրերէն:
Յաջորդ օրը՝ 15 Յունիսին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին դեսպանը իր ողջոյնի խօսքով բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդ Տէրտէրեանին: Ընդունելութեան ներկայ էին ուղղափառ, կաթոլիկ, անգլիկան եւ բողոքական եկեղեցիներէն բարձրաստիճան եկեղեցականներ՝ Մոնսենիոր Ֆրանքօ Քոփոլա, Նունսիօ Ափոսթոլիքօ, Անգլիկան եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Էնրիքէ Տրեվինօ Քրուզ, վերապատուելի Եֆրէն Վելասկես Կութիէրես եւ Մեքսիքայի ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ փոխանորդ-հոգեւոր հովիւ եւ Մեքիքոյի Սուրբ Երրորդութիւն վանքի անդամ Քրիստափոր Ներսէսեան։ Ներկայ էին նաեւ հայ համյանքի շարք մը ներկայացուցիչներ եւ դիւանագիտական շրջանակի հիւրեր:

Ապա սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եւ ներկայ եկեղեցականներուն մասնակցութեամբ կատարուեցաւ միասնական էքիւմենիք աղօթք՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղութեան եւ անդորրութեան, որմէ ետք Յովնան արք. Տէրտէրեան իր սրտի եւ երախտիքի խօսքը ուղղեց դեսպանին, ներկաներուն եւ հիւրերուն։ «Կ՛աղօթեմ առ Աստուած եւ շնորհակալ եմ Ամենակարողին այս պատմական եւ գեղեցիկ օրը մեզի շնորհելուն համար: Անցնող տարուան մարդկութեանը մեծ մարտահրաւէր նետուեցաւ COVID-19 համաճարակի ձեւով, եւ որուն հետեւանքով աշխարհը նոր շրջափուլի մը մէջ մտաւ: Մարդկութեան կեանքը այլեւս փոխուեցաւ տարբեր ձեւերով: Ամբողջ աշխարհի մէջ մարդիկ ականատեսը եղան բազմաթիւ դժուարութիւներու եւ խոչընդոտներու: Հայ ժողովուրդը, դժբախտաբար, այդ բոլորին զուգահեռ, Արցախեան այս վերջին պատերազմին հետեւանքով ունեցաւ նաեւ բազմաթիւ աւերածութիւններ և հազարաւոր երիտասարդ կեանքերու կորուստ, որոնց ազատութեան տեսլականը երբեք եւ երբեք չպէտք է մեռնի մեր հոգիներէն ներս»:
Այնուհետեւ ընդունելութեան աւարտին սրբազան հայրը նուէրներ յանձնեց բոլոր ներկաներուն, ինչպէս նաեւ առ ի նշանաւորումն նոր պաշտօնի ստանձնման, դեսպանին նուիրեց «Մեր Տէր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Խորհրադաւոր Ընթրիքը»ի պատկերը ներկայացնող՝ հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան արուեստի գեղեցիկ օրինակ մը:
Յովնան արք. Տէրտէրեանի յաջորդ այցելութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին: Առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ պէտք է կատարուի Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախեան 44օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Դիւան Առաջնորդարանի