Կիրակի, 7 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին եւ պատգամեց յաւուր պատշաճի:
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ կառուցման աւանդապատումին եւ վեր առաւ Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատքն ու կամքը՝ Քրիստոսի համար մինչեւ նահատակութիւն երթալու, ապա Ս. Հաղորդութիւն ստանալու նպատակով իր շուրջ հաւաքուած Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի աւարտական կարգի շրջանաւարտ աշակերտներուն բացատրեց մարդկային կեանքի մէջ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ կարեւորութիւնը: Գօտեպնդելով հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ, սրբազան հայրը օրինակ բերաւ շրջանաւարտ տղաքը՝ ըսելով, որ մեր շրջանաւարտները հաւատացին իրենց ուժերուն եւ նպատակին կարեւորութեան, հետեւաբար, հայկական ազգային վարժարանի կրթական ծրագիրը աւարտելէ ետք, ահա՛ անոնք կը մեկնին դէպի համալսարանական կրթութիւն, որովհետեւ կը հաւատան, որ կեանքի մէջ յաջողութեան անհրաժեշտ ճամբայ է այս:
Նմանապէս, օրինակ բերելով շրջանաւարտ աշակերտներուն տարիներով փայփայած յոյսը, թէ օր մը համալսարան յաճախելու առիթը պիտի ունենան՝ սրբազանը ընդգծեց, որ այդ յոյսը այսօր կու տայ իր պտուղը մեր շրջանաւարտներուն կեանքին մէջ, ապա իբրեւ սիրոյ լաւագոյն օրինակ՝ սրբազանը մատնացոյց ըրաւ շրջանաւարտներուն սիրով կապուածութիւնը իրենց հարազատներուն, շրջապատին, ուսումնական կեանքին եւ հետագայ ընելիքներուն, յորդորելով անոնց՝ ըլլալ տիպար քրիստոնեայ հայ մարդեր, որոնք իրենց կարգին հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ օրինակ կրնան ծառայել ուրիշներու համար եւս՝ իբրեւ իրենց ընտանիքին, ազգին ու հայրենիքին հպարտութիւն առթող Մեսրոպեան Ազգային վարժարանէն շրջանաւարտ տղաք ու աղջիկներ:
Այս առիթով սրբազանը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Դաւիթ Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմը, որոնք միասնաբար բծախնդիր ու անձնդիր ծառայութիւն կը բերեն Մեսրոպի Տուն՝ Ազգային կառոյց, Մեսրոպեան դարբնոցին:
Հուսկ, սրբազան հայրը շրջանաւարտներուն նուիրեց մէկական աղօթագիրք, ինչպէս նաեւ փայտէ խաչ մը՝ վարժարանի նախկին տնօրէն Օննիկ Քէշիշեանին, որուն տնօրէնութեան օրերու մտայղացումը եղած էր ամէն տարի շրջանաւարտները եկեղեցի բերել՝ Սուրբ Հաղորդութիւն եւ օրհնանք ստանալու համար առաջնորդին կողմէ: