ՖՐԵԶՆՕ.- Անցեալ Չորեքշաբթի, 2 Յունիսին, իր մահկանացուն կնքեց երկարամեայ համայնքային գործիչ եւ բարերար Կարօ Կիւրեղեան։
Նշենք, որ Կարօ Կիւրեղեան զաւակն է «Ասպարէզ»ի ազդեցիկ խմբագիրներէն Մելիք Շահի (1949-1952 եւ 1969-1970):
Յիշեցնենք, որ 2014ին, Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեանները 300,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած էին. անոր մէկ մասը յատկացուած էր Ֆրեզնոյի հայութեան սիրտը հանդիսացող եւ նախապէս «Ասպարէզ»ի խմբագրատունը եղած Ֆրեզնոյի Հայ կեդրոնին, որ 2017ին վերանուանեցաւ՝ «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան Հայկական Մշակութային Կեդրոն», իբրեւ երախտագիտութիւն ամոլին ցուցաբերած նեցուկին: Նկատի ունենալով, որ Կիւրեղեանները զաւակ չունին, անոնք իրենց զաւակները կը նկատեն Ֆրեզնոյի Հայ կեդրոն յաճախող ՀՄԸՄի, ՀԵԴի եւ անոր Պատանեկան բաժանմունքի անդամները. այդ իսկ պատճառով, անոնք որոշած էին վերոնշեալ նուիրատուութիւնը կատարել:
2015ին, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին մեծարեց տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեանները՝ անոնց տասնամեակներու նուիրեալ սպասարկութիւններուն համար:
ԿԱՐՕ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի այրիին՝ Ալիս Կիւրեղեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԿԱՐՕ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը (Armenian Cultural Foundation) իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի այրիին՝ Ալիս Կիւրեղեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԿԱՐՕ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւ անձնակազմը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Ալիս Կիւրեղեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։