Ուրբաթ, 21 Մայիս, երեկոյեան ժամը 7ին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմինին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնադրութեան 90ամեակը յատուկ տօնակատարութեամբ մը, որուն ընթացքին վկայական ստացան Լոս Անճելըս գաւառին մէջ գործող կիրակնօրեայ դպրոցներու վերջին երկու տարիներու շրջանաւարտները, թիւով 17 պարման-պարմանուհիներ: Հանդիսութեան՝ առաջնորդին կողքին ներկայ էին թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հայրեր, Կիրակնօրեայ դպրոցներու նախկին եւ ներկայ տեսուչներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ եկեղեցանուէր հայորդիներ:
Երեկոն բացուեցաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական արտասանութեամբ: Յաջորդաբար երգուեցան Հայաստանի քայլերգն ու կիրակնօրեայ դպրոցներու մաղթերգը, որմէ ետք, յանուն վերահսկող մարմինին, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Րաֆֆի Թորոսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ նաեւ խօսելով Կիրակնօրեայ դպրոցներու առաքելութեան մասին:
Կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնադրութեան (1929) եւ անցնող աւելի քան 90 տարիներու գործունէութեան վրայ համառօտ ակնարկ մը նետեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Յակոբ Ջաղացպանեան՝ յոյս յայտնելով, որ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու մասին ճանաչողութեան շրջանակը հետզհետէ կ՛ընդարձակուի նաեւ բոլոր շրջաններու կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացան հանդիսութեան ներկայ 11 շրջանաւարտները (բացակայ էին Ֆրեզնոյի 6 աշակերտները), որոնք հերթաբար արտասանեցին աստուածաշնչեան համարներ։ Շրջանաւարտ Էրիք Չիլինգարեան ապրումով արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Հայաստան» քերթուածը, ապա Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան բեմ հրաւիրեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի դպրաց դասի անդամուհիները, որոնք խմբերգներու եւ մեներգներու ճամբով ներկաներուն մատուցեցին գեղեցիկ շարականներու, դասական եւ ժողովրդային երգերու փունջ մը, ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյ երգչախումբի խմբավար Գոհարիկ Թորանեանի:
Յետ հոգեւոր համերգին, վարիչ հայր սուրբը ընդգծեց կիրակնօրեայ դպրոցներու տեղն ու դերը հայ ազգի կեանքին մէջ՝ ըսելով. «Մեր դպրոցներուն վերապահուած դերը կոչուած է բարոյապէս ճշմարիտ հայ քրիստոնեան կերտելու մեր տղոց հոգիին մէջ»։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ եւ շրջանաւարտ տղոց բաշխէ վկայականներ:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախ բարձր գնահատեց երեկոն, զայն կազմակերպողներն ու բոլոր մասնակցողները՝ նկատելով, որ տեղի ունեցածը սոսկական ձեռնարկ մը չէ, այլ իր մէջ կը պարփակէ հոգեւորին մատչելու խորհուրդ՝ իբրեւ հոգեւորականներ, աշակերտներ, դաստիարակ-ուսուցիչներ, վերահսկող մարմինի անդամներ, հոգեւոր երգերու մեկնաբաններ, ծնողներ թէ ներկաներ: «Այսօր միասնաբար ապրեցանք մթնոլորտ մը, որ մեր հիացումը կ՛առթէ եւ մեզ ներքուստ կ՛ուրախացնէ, որովհետեւ մենք միատեղ ըմբոշխնեցինք քրիստոնէական սիրով եւ հայկական ջերմութեամբ լեցուն ընտանեկան բացառիկ պահ մը, երբ հոգեւորին միախառնուած՝ հայ ստեղծագործ միտքն ու հոգին մեզի նուիրեցին ունկնդրութեան վայելքը ընտրանի շարականներու, ժողովրդային եւ կոմիտասեան գոհարներու», դիտել տուաւ սրբազան հայրը եւ շրջանաւարտ աշակերտներուն շնորհեց կիրակնօրեայ դպրոցի վկայականներ ու աղօթագիրքեր, ապա գնահատագիրներ յանձնեց կիրակնօրեայ դպրոցներու ամէնէն վաստակաւոր ուսուցչուհիին՝ Հրանուշ Մկրտչեանին (Ս. Խաչ Մայր տաճար, Մոնթեպելլօ) եւ ամէնէն նոր դաստիարակին Տինա Մենէշեանին (Ս. Սարգիս եկեղեցի, Փասատինա), ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ՝ երգչախումբի անդամներուն, միաժամանակ շեշտելով, որ Կիրակնօրեայ դպրոցները կը վայելեն Ազգային առաջնորդարանի անմնացորդ գուրգուրանքն ու զօրակցութիւնը եւ ընդգծեց, որ Կիրակնօրեայ վարժարանները կոչուած են վերանորոգ հաւատքի եւ քրիստոնէական ճշմարիտ ուսմունքի ծաղկում ապրելու, բոլոր ժամանակներու մէջ:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեց առաջնորդին «Պահպանիչ»ը: