9 Մայիսին, Արցախի Հանրապետութեան Աղաւնոյ համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ 12 բնակելի տուներու յանձնման արարողութիւնը: Տուները կառուցուած են մինչեւ պատերազմը, շատերուն մէջ տակաւին կարգ մը աշխատանքներ կ՛ընթանան, կը հաղորդէ «Ապառաժ»ը:
Ըստ Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանի՝ բնակարաններու բաշխումը կատարուեցաւ մշտապէս այնտեղ ապրող բնակիչներու: «Այնուհետեւ, մինչեւ 28 Մայիս ժամանակ տուած ենք, որ գիւղէն հեռացածները վերադառնան: Եթէ չվերադառնան, երկրորդ փուլով պիտի բաշխենք նաեւ այն տուները, որոնց մէջ մարդ չ՛ապրիր: Եթէ չեն մնար, տունը՝ ապրողին, հողը՝ մշակողին», ըսաւ Ա. Չաւուշեան:
Ըստ համայնքի ղեկավարին՝ այս թիւը միշտ կը փոխուի. բնակիչները կու գան-կ՛երթան:
Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ Մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ ֆոնտ»ի յանձնախումբին միջոցներով աւարտած է դպրոցին մէկ մասին վերանորոգումը, իսկ այժմ կ՛ընթանան բժշկական կեդրոնի կառուցման աշխատանքները։ Այնուհետեւ խաղահրապարակ պիտի կառուցուի:
Համայնքի ղեկավարը նաեւ կարեւոր կը համարէ բնակիչներուն զբաղուածութեան հարցին լուծումը, որուն համար կ՛ակնակալէ բոլոր հայերուն աջակցութիւնը:
Քանի մը ամիս առաջ բնակիչները տարակուսանքի մէջ էին՝ գիւղը հայկական պիտի մնա՞յ, թէ՝ ոչ: «Հայկական մնալը կապ ունի այստեղ ապրող հայերուն հետ: Եթէ մնանք, ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզ այստեղէն հանել: Մենք մեր ձեռքերը ծալած չենք նստիր. պաշտպանելու եւ պաշտպանուելու իրաւունք ունինք: Մեր տղոց արեամբ գծուած սահմանները մենք պէտք է որոշենք», ըսած է դաշնակցական համայնքի ղեկավարը:
9 Մայիսին՝ Եռատօնին, տեղի ունեցած տուներու բաշխման արարողութիւնն ալ իր խորհուրդը ունի, ըսաւ Անդրանիկ Չաւուշեան՝ աւելցնելով. «Մեզի համար «Հարսանիք լեռներում»ը դարձեալ պիտի գայ: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք: Մենք պիտի մնանք այս հողին վրայ եւ պիտի նշենք այդ օրը: Անշուշտ, ոչինչ առաջուան պէս է, վիրաւոր ենք, բայց վստահաբար պիտի նշենք յաղթանակներու օրը: Հայը իրաւունք չունի գաղթական վիճակի մէջ ապրելու»: